Նախաձեռնութեամբ եւ ներկայութեամբ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի, երէկ լիբանանեան կուսակցութեանց երիտասարդական միաւորներու յատուկ ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ կրթութեան նախարարութեան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ:
Այս առիթով զանազան կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ իրենց կեցուածքը փոխանցեցին` վճռելով դասեր քաղել պատերազմի դառն փորձառութենէն եւ աշխատիլ կանխարգիլել անոր կրկնութիւնը:
Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) ներկայացուցիչ Գէորգ Սահակեան, որ յայտնեց, թէ 15-ամեայ պատերազմի աւերներէն, վիրաւորներէն, գաղթականներէն ու հազարաւոր նահատակներէն ետք, այսօր կը վերադառնանք երկխօսութեան ընտրանքին ու չափաւորութեան քաղաքականութեան, որոնց դիմելու կոչ ուղղած էինք նախքան պատերազմին ծագիլը: «Արդ, ինչո՞ւ պատերազմ, եթէ պիտի վերադառնանք երկխօսութեան: Մենք` հայերս, քաջ գիտենք հայրենիքի արժէքը, որովհետեւ 100 տարի առաջ կորսնցուցինք մեր հայրենիքը եւ չենք ուզեր կրկնել այդ փորձառութիւնը մեր լիբանանեան հայրենիքին համար», ըսաւ Սահակեան եւ աւելցուց. «Ա՛յդ պատճառով ալ որդեգրեցինք դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը, որ շատ սուղ արժեց մեզի, եւ միշտ դէմ կեցանք զէնքի քաղաքականութեան, որովհետեւ կը հաւատանք Լիբանանին` իբրեւ բոլորին հայրենիքը եւ համակեցութեան վայրը»: «Մեր պարտականութիւնն է պահել ու պահպանել այս պատկերը` բազմազանութեան ու համակեցութեան Լիբանանի պատկերը, մեր պարտականութիւնն է պայքարիլ համայնքայնութեան դէմ եւ մնալ բոլոր կողմերը ներկայացնող պետութեան հովանիին տակ», հաստատեց Սահակեան` ընդգծելով, որ զէնքը չի կրնար փոխարինել գրիչը եւ պէտք է «սորվիլ» անցեալէն, թէ կարելի չէ պատերազմի ճամբով վճռել արդարն ու անարդարը:
Նշենք, որ նմանօրինակ ձեռնարկներ տեղի ունեցան լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ եւս, ինչպէս` մոմավառութիւն Թրիփոլիի մէջ եւ հաւաք` թանգարանի մուտքին, կազմակերպութեամբ «Ֆարահ Աթա» միութեան: