35-ամեայ երիտասարդ դերասան Իսամ Պրէյտի, կիրակի առաւօտեան ժամը 4:00-ին զոհ գնաց ինքնաշարժի արկածի, երբ իր ինքնաշարժով Համրայէն դէպի Քեսրուան կ՛ուղղուէր:
Անոր թաղումը տեղի պիտի ունենայ այսօր յետմիջօրէին, մինչ երէկ երեկոյ իր հարազատներն ու բարեկամները մոմավառութեամբ համախմբուեցան արկածին վայրը` Տորայի կամուրջին կից: