Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ այսօր` երեքշաբթի, 14 ապրիլին, պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ լիբանանեան զբօսաշրջային չորս ընկերութիւններու հետ` դիւրացնելու համար լիբանանցի զբօսաշրջիկներու Ֆրանսա այցելութեան պայմանները: