
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Քրեմլին տակաւին կը քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած արարողութեան մասնակցելու համար Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Երեւան այցելութեան կարելիութիւնը:
«Այցելութեան կարելիութիւնը տակաւին կը քննարկուի, մենք պիտի կատարենք համապատասխան յայտարարութիւն», ըսած է Փեսքով:
Փութինի բանբերը չէ պատասխանած այն հարցումին, թէ արդեօք Փութին պիտի մեկնի՞ Թուրքիա` Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակի տօնակատարութեան մասնակցելու համար: «Ռուսիա բարձր մակարդակով ներկայ պիտի ըլլայ յիշատակի ձեռնարկներուն, որոնք կազմակերպուած են մեր թուրք գործընկերներուն կողմէ` Կալիփոլիի մէջ», վստահեցուցած է Փեսքով:
Ժիրինովսքի. «Պէտք Է Ցեղասպանութեան
Զոհերու Յիշատակի Միջազգային Օր Սահմանել»
Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի այն կարծիքը յայտնած է, որ Ռուսիա երբեք չէ պատերազմած Հայաստանի դէմ, երկու երկիրներուն միջեւ միշտ եղած են լաւ յարաբերութիւններ, այդպէս ալ կը շարունակուի մինչեւ օրս: «Ատիկա պայմանաւորուած է Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքով, որ կը գտնուի վտանգաւոր գօտիի մէջ», նշած է Ժիրինովսքի:
Ըստ անոր, այսօր շրջանին ամէնէն ցաւոտ հարցերէն է Լեռնային Ղարաբաղը: Ռուսիա ոչ մէկ հիմք ունի իր բանակային ուժերով միջամտելու, սակայն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ համաձայնութեամբ` Ռուսիան կրնայ խաղաղապահ ուժեր մտցնել` արիւնահեղութիւնը բացառելու նպատակով: «Թէեւ միշտ ալ կան կողմնակի միջամտութեան եւ սադրանքներու վտանգներ, ինչպէս ատիկա եղաւ Աբխազիոյ պարագային», յիշեցուցած է Ժիրինովսքի:
Ան հակառուսական տրամադրութիւններու գլխաւոր սադրիչ նկատած է Միացեալ Նահանգները: Թէեւ երեսփոխանը Հայաստանին կոչ ուղղած է առանձին որոշելու իր ճակատագիրը, սակայն միեւնոյն ժամանակ «նախազգուշացած է, որ առանց Ռուսիոյ այդ երկիրը դէմ առ դէմ պիտի մնայ Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ»:
Ան նշած է, որ այն նիւթը, որ կրնայ նպաստել հայերու եւ ռուսերու համախմբման, Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն է:
«Ես կը կարծեմ, որ մեզի պէտք է ընդհանուր ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի միջազգային օր սահմանել: Հայոց ցեղասպանութիւնը եղած է մեծագոյնը, սակայն այդ ժամանակաշրջանին ոչնչացուած են նաեւ այլ ազգեր` ռուսերը Աւստրօ-Հունգարիոյ մէջ, հետագային` հրեաները, գնչուները եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ կը սպաննեն քրիստոնեաները իրենց հաւատքին համար, կ՛ոչնչացնեն անոնց մշակութային յուշարձանները: Պէտք է մէկ անգամ ընդմիշտ կանխարգիլել այդպիսի երեւոյթները», նշած է Ժիրինովսքի: