Լիբանանեան բանակը երէկ Պար Էլիասի մէջ ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարներէն Նեպիլ Սըտտիքը:
Նշենք, որ բանակը երէկ առաւօտեան ներխուժեց Տհուր Պահնինի մէջ գտնուող Մուսթաֆա Մաարուֆ Օպէյտի բնակարան, ուր ձերբակալեց Խալետ Մաարուֆը եւ Ալի Հաժ Օպէյտը` Խալետ Հապլասի հետ անոնց ունեցած յարաբերութեան համար:
Միւս կողմէ, Աքքարի Շատրա շրջանին մէջ լիբանանեան բանակին կողմէ զետեղուած անցարգելին վրայ երեք սուրիացիներ ձերբակալուած են` ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք գործելու յանցանքով: