Սպանիոյ Ֆելիփէ Զ. թագաւորը երէկ այցելեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող սպանական զօրամասը, որուն դիրքերը կը գտնուին Մերժահիունի մէջ:
Սպանիոյ թագաւորին ընկերակցեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել:
Միջազգային ուժերուն յատուկ ուղղաթիռով Մերժահիուն հասած Ֆելիփէ Զ. թագաւորը ընդունուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոյի կողմէ: