Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Զինուորները Հասան Եւրոպա` Մասնակցելու Վարժանքներու

Ապրիլ 7, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-06-15_varjՀայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ, Հայաստանի խաղաղապահ ուժերու  զինուորներուն հետ Զուարթնոց օդակայանէն  Եւրոպա ճամբեց 36 հայ խաղաղապահներ, որոնք  պիտի մասնակցին Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու ցամաքային ուժերուն կողմէ կազմակերպուող «Սուրերու հատում 15» վարժանքին, որուն նպատակն է դաշնակից եւ գործընկեր պետութիւններու միացեալ ուժերու  կազմին մէջ ներառուելու համար նախապատրաստել այդ մակարդակի միաւոր մը:

Վարժանքը տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ, Լիթուանիոյ եւ Ռումանիոյ մէջ եւ պիտի աւարտի 30 ապրիլին: «Սուրերու հատում 15» վարժանքի ծիրին մէջ ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ գործընկեր պետութիւնները կը նախապատրաստուին յարձակողական, պաշտպանական եւ կայունացման գործողութիւններուն եւ կը խթանեն մասնակիցներու գործակցելիութիւնը:

«Սուրերու հատում 15» վարժանքին կը մասնակցին  17 պետութիւններու աւելի քան 5000 զինուորներ: Վարժանքին կը մասնակցին ՕԹԱՆ-ի դաշնակից պետութիւններ Ալպանիա, Պելճիքա, Պուլկարիա, Թուրքիա, Լաթվիա, Լեհաստան, Լիթուանիա, Լիւքսամպուրկ, Հունգարիա, Մակեդոնիա, Բրիտանիա, Միացեալ Նահանգներ, Մոլտովա եւ  Ռումանիա, ինչպէս նաեւ «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրով ՕԹԱՆ-ի գործընկեր պետութիւններ Պոսնիա եւ Հերցեկովինա, Հայաստան եւ Շուէտ:

Հայ-ամերիկեան միացեալ այս վարժանքը նախատեսուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու ցամաքային ուժերուն միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրով:

 

 

Նախորդը

Պէյրութի Մէջ . «Նախագահական Ընտրութիւնը Ներքին Լիբանանեան Հարց Է» Շեշտեց Թոնի Պլինքըն

Յաջորդը

Եմէնէն Ռուսական Օդանաւերը Նաեւ Հայաստանի Քաղաքացիներ Տարհանած Են

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?