«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ թրքական «Սթար» թերթին մէջ, Էրտինչ Աքքոյունլուի ստորագրութեամբ հրատարակուած են «Սուրբ Փրկիչ» հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կարգ մը յայտարարութիւնները, ըստ որոնց` Շիրինօղլու ըսած է, թէ «մենք հատուցում չենք ուզեր, մենք հաշտութիւն կ՛ուզենք»:
«Սթար» թերթը այս լուրը կը հրատարակէ` իբրեւ պատասխան սփիւռքահայութեան դէմ, որ կը պատրաստուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Շիրինօղլու դիտել տուած է, որ իր մեծ հայրն ալ այդ պատահարներուն ընթացքին մեռած էր. այդ շրջանի գրգռութիւններուն հետեւանքով, եղբայրը եղբօր դէմ հաներ են: «Ես հիմա կողմնակից չեմ, որ այս հարցը այսքա՛ն երկարի. հարցը պէտք է վերջանայ: Դէմ եմ երկու երկիրներն ալ այս հարցով վիրաւորելու: Նախագահ Էրտողան օրեր առաջ ըսաւ, որ բոլոր արխիւները բաց են: Այս լուսաբանութիւնը շատ կարեւոր էր: Ես ալ կը մտածեմ, որ այս հարցը պէտք է քննարկուի ու լուծումի յանգի: Թող պատմաբանները միջամուխ ըլլան: Եթէ Թուրքիոյ ու Հայաստանի սահմանները բացուին, այն ատեն հատուցումներէ ալ աւելի շահաւէտ տնտեսական արդիւնք կը ստացուի: Հաշտութենէն աւելի մեծ շահ կա՞յ: Երկու երկիրներուն դռները պէտք է բացուին եւ պէտք է խաղաղութիւն հաստատուի», ըսած է ան:
Շիրինօղլու դիտել տուած է նաեւ, որ փոքրամասնութիւնները, հանրապետական շրջանին, ներկայ իշխանութեան օրօք է, որ շատ կարեւոր նկատուեցան: «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը վերադարձուց փոքրամասնութիւններուն կորզուած իրաւունքները», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ մեծ թիւով հայաստանցիներ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ կ՛աշխատին` իբրեւ փախստական, եւ թէ ինք այս մասին խօսած է Էրտողանի հետ եւ Էրտողան պատասխանած է, որ «այս հարցն ալ կը լուծենք», իսկ ներկայիս, Գում գափուի մէջ անոնց զաւակներուն համար դպրոց կայ, եւ 200 հայրենակիցներու զաւակները հոն ուսում կը ստանան:
«Մարմարա» կը գրէ. «Որքան կը հասկնանք հրատարակուած լուրէն, Պետրոս Շիրինօղլու այս բոլորը յայտնած է իբրեւ իր անձնական կարծիքը, մինչդեռ թերթը զայն կը ներկայացնէ իբրեւ Թուրքիոյ հայոց կարծիքը: Այս պատճառով ալ, համացանցի էջերուն վրայ Շիրինօղլուի այս խօսքերուն դէմ վերապահութեան խօսքեր արտասանուած են: Մեր վերեւի կարծիքը հաստատելու նպատակով, այս առաւօտ (մարտ 30) կապ հաստատեցինք Շիրինօղլուի հետ, որ նոյնը ըսաւ: Ան յայտնեց, որ ինք իր անձնական կարծիքն է, զոր կը յայտնէ այսպիսի տեսակցութիւններու ընթացքին»: