Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԱՅՈ՛, ՄԵԶԻ ՄՆԱՑ

August 5, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ երեւոյթին, մենք իսկապէս «եղբայրաբար» ապրած ենք թուրքերուն հետ:

Ինչո՞ւ այս «հաստատումը»:

Հայերու` Թուրքիա պտոյտի կամ զանազան պատճառներով (սոսկ` պատճառաբանութիւն) հոն երթալու երեւոյթին մասին է խօսքս: Մարդիկ այդքան անզգամ դարձած են, որ նոյնիսկ բարձրաձայն կ՛արտայայտուին իրենց արձակուրդը Թուրքիոյ մէջ անցընելու մասին` պատճառաբանելով, թէ հոն երթալու սակերը աւելի աժան եւ դիւրամատչելի են: Թուրքիա մեկնող հայ անհատներ ինչպէ՞ս հանգիստ կ՛անցընեն իրենց արձակուրդը. վայրկեան մը չե՞ն մտածեր ահաւոր Եղեռնին մասին. չե՞ն զգար, որ իրենց պտոյտի գացած ամէն մէկ վայր բաց գերեզման եղած է անհամար հայորդիներու համար:

Վերը յիշածներս հաստատելու համար պատմեմ, որ օրեր առաջ ճամբորդական գրասենեակի մը մէջ տեղի ունեցած է հետեւեալ զաւեշտը. հայ ամոլ մը, որ պիտի ճամբորդէ եւրոպական երկիր մը, կը հարցնէ օդանաւի տոմսերու գիները. գրասենեակի պաշտօնեայ օրիորդը կը ներկայացնէ զանազան ընկերութիւններու սակերը, ի միջի այլոց նաեւ` թրքական օդանաւային ընկերութեան տարբերակները. ի զարմանս բոլորին, հազիւ լսելով թրքականը, զոյգը կ՛ընդվզի, կը պոռթկայ եւ բացարձակապէս կը մերժէ թրքական ընտրանքը` ըսելով, որ իրենք հայ են, եւ թէ անկարելի է, որ թրքական օդանաւով ճամբորդեն եւ այլն. հոս, երբ պաշտօնեան կը ներկայացնէ թրքական ընկերութեան սակերը, ահա, վայրկեան մը առաջ պոռթկացողները, գոհունակ սրտով կ՛ընդառաջեն պաշտօնեային առաջարկին` ըսելով, թէ վնաս չունի կ՛երթա՛նք թրքականով, որովհետեւ մեր հետ այլ մարդիկ կան եւ այս ձեւով կոկիկ գումար մը խնայած կ՛ըլլանք: Հոս յիշեցնեմ, թէ բնականաբար թրքական օդանաւը նախ էջք կը կատարէ Պոլիս եւ ապա այնտեղէն ետ թռիչք առնելով` կ՛երթայ նախապէս որոշուած եւրոպական կամ այլ երկիր:

* * *

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, մեր նշանաբանը, մեկնակէտը եւ գործելադաշտը այսուհետեւ պէտք է ըլլայ թրքաբարոյ երեւոյթներու զանազան տեսակի դրսեւորումներու դէմ անխնայ պայքար` սկսելով ճամբորդութիւններէն, թրքական ապրանքներու առուծախէն, ուխտագնացութեան անուան տակ Թուրքիա մեկնելէն` հասնելով մինչեւ թրքախօսութեան տգեղ երեւոյթին:

Հայ հասարակութեան մէջ պէտք է զարգացնել թրքական երեւոյթներու մերժումի ուժեղ տրամադրութիւն:

Ոչ ոք թող ըսէ, թէ տեղ չենք կրնար հասնիլ: Տեղ կը հասնինք եւ աւելի՛ն:

Չըսենք, օ՜, ինծի՞ մնաց Թուրքիոյ դէմ պայքարիլը: Այո՛, ինծի, քեզի, մեզի եւ բոլորիս մնաց պայքարիլը:

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ

Յաջորդը

«ԹՈՌՆԵՐ» (Հեղինակներ` Այշէ Կիւլ Ալթընայ եւ Ֆեթհիյէ Չեթին)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.