Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի զինուորական ծառայող, 1991-ի ծնունդ շարքային-պայմանագրային Անդրանիկ Գրիգորեան 22 մարտին իր զօրամասի մարտական դիրքէն անցած է հակառակորդին կողմը` զէնք-զինամթերքը ձգելով մարտական յենակէտին մէջ:
Այս մասին տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: