Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Պերլինի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանին. «Թուրքերը Պատրաստ Են Առերեսուելու Պատմութեան Հետ, Որովհետեւ Ամչնալու Ոչինչ Ունին»

March 23, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հիւսէյն Աւնի Քարսլըօղլու
Հիւսէյն Աւնի Քարսլըօղլու

«Հայ Թերթ» կը հաղորդէ, որ Պերլինի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հիւսէյն Աւնի Քարսլըօղլու` խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին, նշած է, որ իրենք ամչնալու ոչինչ ունին:

Եւրոպացի թուրք ժողովրդավարներու միութեան գրասենեակին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ ան նշած է, որ ոչ ոք կրնայ ըսել, որ «թուրքերը պէտք է ամչնան իրենց պատմութենէն» եւ առերեսուին իրենց պատմութեան` աւելցնելով, որ թուրքերը միշտ պատրաստ են առերեսուելու իրենց պատմութեան հետ, որովհետեւ այդ առումով ամչնալու ոչինչ ունին:

«Սակայն եթէ Հայկական հարցին մէջ, 100-ամեակի տարուան մէջ մեզի ըսեն` հայերուն դո՛ւք կոտորած էք, հայերուն դո՛ւք ոչնչացուցած էք, անոնց դէմ ցեղասպանութիւն գործած էք, ատիկա պէտք է ընդունիք, մենք այդ հարցին մէջ չկանք», ըսած է ան:

Դեսպանը նշած է, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին թուրքերուն վրայ ճնշումը պիտի աճի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունիլ տալու առումով: «Ոմանք պիտի փորձեն մեր երեխաներուն ստիպել ամչնալ մեր պատմութենէն, թուրք ըլլալէն: Սակայն մենք ամչնալու ոչինչ ունինք», ըսած է ան:

Քարսլըօղլու նշած է, որ բոլորը պատասխանատու են իրենց պատմութեան համար, ներառեալ` թուրքերը: «Սակայն մենք ալ ցաւեր տեսած ենք: Մենք ալ Կովկասի մէջ կոտորածի ենթարկուած ենք, գաղթ տեսած ենք: Մենք ալ Խրիմի, Տաղստանի, Պալքաններու մէջ ցաւեր տեսած ենք: Ինչո՞ւ իմ ցաւս ոչ ոք կը յիշատակէ, ինչո՞ւ իմ ցաւս ուրիշը չի զգար», ըսած է ան:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Ընդառաջ. Հետզհետէ Կը Շեշտուին Եւ Կը Բացայայտուին Հայանպաստ Կեցուածքները

Յաջորդը

Պրոք Չիչեքին. «Ցեղասպանութիւնը Ոչ Թէ Քաղաքական, Այլ Խղճի Հարց Է»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.