Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա. Մինասեան. «Պէտք Է Օգտուիլ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի Անդամակցութենէն»

Մարտ 20, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի չորրորդ լիագումար նիստին հայկական պատուիրակութեան ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան իր խօսքին մէջ ողջունելով, որ Երոպական Միութիւնը մեծ տեղ կը յատկացնէ արեւելեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ այլ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան ճկունութեան, ըսած է. «Կ՛ուզեմ նաեւ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել այն հանգամանքին վրայ, որ պէտք չէ Հայաստանի անդամակցութիւնը դիտարկուի իբրեւ հակառակ դրսեւորում, այլ պէտք է օգտուիլ այս առիթէն եւ  Հայաստանի միջոցով սկսիլ երկխօսութիւն նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան  այլ երկիրներու հետ: Կարեւոր է, որ Հայաստանի մէջ ընթացող շարք մը  ոլորտային բարեփոխումներուն մէջ  ուղղակի ներգրաւուածութիւն ըլլայ, ատիկա կը վերաբերի սահմանադրական բարեփոխումներուն, մարդկային  իրաւունքներուն, իրաւունքի գերակայութեան, արդարադատութեան համակարգին, պետական կառավարման համակարգերուն:   Տնտեսական շրջափակումները, ինչպէս մեր երկրին օրինակը ցոյց կու տայ, լաւ բանի չեն յանգեցներ: Անհրաժեշտ է գտնել երկխօսութիւն եւ այդ ծիրին մէջ աջակցութիւն ցուցաբերել ամբողջ ծաւալով: Հայաստան իսկապէս կրնայ դառնալ ժողովրդավարութեան այն լաւ  բնօրինակը, որ կը ստիպէ Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներուն այս ճամբան որդեգրել»:

Փոփոխութիւններով Կարելի Է Նուազագոյնի Հասցնել Ընտրակեղծիքները

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` դրական գնահատելով սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը, միաժամանակ 28 առաջարկ ներկայացուցած է մասնագիտական յանձնախումբին:

Դաշնակցութիւնը նախ եւ առաջ անհրաժեշտ կը  նկատէ յստակ անցում կատարել կառավարման խորհրդարանական բնօրինակին եւ չ՛ընդունիր ներկայիս դրսեւորուող տեսակէտները, թէ  կարելի է նաեւ կատարելագործուի գործող կիսանախագահական համակարգը:

«Մենք ոչ միայն յստակօրէն կը պնդենք եւ  կը հաւատանք, որ եթէ այդ անցումը չի կատարուիր, անիմաստ կը դառնայ սահմանադրական փոփոխութիւնը իր էութեան մէջ: Մտահոգութեան որոշ առիթ կու տան նախագահին վերջին արտայայտած միտքերը: Ընդունելով հանդերձ նախագահին մօտեցումները, կապուած երկու կարեւոր հարցերու ` ներքին եւ արտաքին անվտանգութիւնը եւ կառավարման համակարգի կայունութիւնը, այսուհանդերձ, մենք կը նկատենք, որ սահմանադրական փոփոխութիւններով կարելի է զանոնք լուծել», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին  ըսած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ Արծուիկ Մինասեան:

Դաշնակցութեան համար քննարկման ենթակայ չէ նաեւ ամբողջութեամբ համամասնական ընտրակարգի անցնելու հարցը:

«Այլ հարց է, որ կրնանք քննարկել փուլայնութիւնը` մինչեւ ե՞րբ կրնայ ամբողջութեամբ անցում կատարուիլ 100 առ հարիւրնոց համամասնական ընտրակարգին: Երրորդ մեծ ուղղութիւնը քաղաքական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան, իբրեւ միասնական համակարգի ձեւակերպումն է: Այլ խօսքով, քաղաքական ընդդիմութիւնը պէտք է ունենայ պատշաճ վերահսկողութիւն եւ  քաղաքական հոլովոյթներու վրայ ազդելու իրական եւ էական կարելիութիւններ, որպէսզի իշխանափոխութեան սահմանադրութեամբ հաստատուած չափանիշները ըլլան իրական, այլ ոչ թէ վերացական կամ երազային», ըսած է Մինասեան:

Ի տարբերութիւն այլ ընդդիմադիր ուժերու, որոնք կը պնդեն, թէ այս փոփոխութիւնները միայն նպատակ ունին նպաստելու գործող վարչակազմի վերարտադրութեան, Դաշնակցութիւնը կը յայտարարէ, որ նոր փոփոխութիւններով կարելի  պիտի ըլլայ նուազագոյնի հասցնել ընտրակեղծիքները:

«Բնական չեմ նկատեր այն դէպքերը, երբ ամէն գնով կը փորձեն կրկին իշխանութեան գալ` ոտնակոխելով սահմանադրական չափանիշները: Իսկ այսօրուան սահմանադրութիւնը եւ  ընտրական համակարգը թոյլ կու տան, որ իրենք նոյն մեքանիզմները կիրարկեն: Այստեղ մենք պէտք է մեքանիզմներու մասին իրարու հետ երկխօսութեան սկսինք: Եւ ասիկա էր մեր կոչը` ուղղուած մեր միւս ընդդիմադիր գործընկերներուն, որ համախմբուինք ճիշդ այս մեքանիզմները մշակելու շուրջ, ոչ թէ կտրուկ մերժենք սահմանադրական փոփոխութիւններու  անհրաժեշտութիւնը», ընդգծած է Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը:

Ազգային ժողովի լիազօրութիւնները ընդլայնելու համար Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ օրէնսդիրի վերահսկողութեան յանձնել պաշտպանութեան, արտաքին գործերու, ոստիկանութեան եւ ազգային անվտանգութեան մարզերը: Այլ առաջարկով մը կը  նախատեսուի նաեւ սփիւռքի մասնակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն, ընտրողներու  անձնակազմի միջոցով:

Ինչ կը վերաբերի ընտրական այլ հոլովոյթներուն, կ՛առաջարկուի յստակացնել Հայաստանէն  բացակայող քաղաքացիներու ընտրելու իրաւունքի իրականացման հարցը, ինչպէս նաեւ փարատել կասկածները քուէարկողներու մասնակցութեան վերաբերեալ, նաեւ ցուցակներու հրապարակումով:

Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ յստակօրէն սահմանել նախագահը պաշտօնանկ ընելու, ինչպէս նաեւ անոր լիազօրութիւնները դադրեցնելու բոլոր կարելի դէպքերն ու հոլովոյթները: Առեւտուրի եւ քաղաքականութեան տարանջատման մասով կ՛առաջարկուի, օրինակ, արգիլել բարձրագոյն պաշտօնատար անձերուն եւ անոնց առնչուած  անձերուն պաշտօնավարութեան ընթացքին  արտերկրի մէջ մեծ ներդրումներ կատարել, խախտումներու պարագային դադրեցնել պաշտօնատարներու լիազօրութիւններն ու պատասխանատուութեան ենթարկել:

Դաշնակցութեան առաջարկներուն մէջ կան նաեւ  կուսակցութիւններու դերի բարձրացման, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու  արդիւնաւէտութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ  քաղաքացիներու կողմէ հանրաքուէներ կայացնելու կարելիութեան վերաբերող հարցեր:

Եթէ ՀՅԴ-ի առաջարկները  չներառուին վերջնական փաստաթուղթին մէջ, կուսակցութիւնը կրնայ  մերժել սահմանադրական փոփոխութիւնները: «Եթէ մեր առաջարկները չընդունուին, կառավարման ձեւի փոփոխութիւն տեղի չ՛ունենար, մեր հիմնարար մօտեցումները չեն արժանանար սահմանադրական փոփոխութիւններու յանձնախումբի ուշադրութեան եւ վերջնական բովանդակութեան մէջ չեն ներառուիր, այդպիսի փոփոխութիւնը կը նկատենք անիմաստ, անտրամաբանական եւ երկար կեանք չունեցող», նշած է Արծուիկ Մինասեան:

 

 

 

Նախորդը

«Նախագահական Ընտրութեան Հարցը Կարելի Չէ Լուծել Երեսփոխաններուն Կողմէ Խորհրդարան Ուղղուելով Եւ Քուէարկելով» Յայտնեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Մուսթաքպալ Հոսանքի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

RelatedPosts

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն.  «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն  100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն. «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն 100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»

Մարտ 31, 2023
Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ  Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են  Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին

Մարտ 31, 2023
Հայաստանը Վերապահութեամբ Միացած Է  «Յանուն Ժողովրդավարութեան»  Վեհաժողովի Հռչակագիրին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանը Վերապահութեամբ Միացած Է «Յանուն Ժողովրդավարութեան» Վեհաժողովի Հռչակագիրին

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In