Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Մարտահրաւէր Կ՛ուղղէ Հայկական Սփիւռքին Եւ Հայաստանի Ղեկավարութեան

March 20, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էրտողան
Էրտողան

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Օսմանեան արխիւի շէնքին մէջ կազմակերպուած «Համաշխարհային պատերազմի փաստաթուղթերը` 100-րդ տարուան մէջ» խորագիրով խորհրդաժողովին եւ ցուցահանդէսին բացման ընթացքին կարծր արտայայտութիւններ ունեցած է հայկական սփիւռքի եւ Հայաստանի կառավարութեան հասցէին:

«Պատմութեան ամէն հանգրուանին տեղի ունեցածին պէս` այս մեծ պատերազմին ընթացքին ալ ցաւեր ու ողբերգութիւններ տեղի ունեցած են: Ատկէ միայն հայերը չէ, որ ազդուած են: Պալքաններուն մէջ, Կովկասի մէջ ալ պատմութեան մեծագոյն կոտորածները տեղի ունեցած են իսլամներու դէմ», ըսած է Էրտողան:

Ապա Էրտողան դիմած է հայկական սփիւռքին ու ըսած. «Սփիւ՛ռք, Հայաստանի՛ ղեկավարութիւն, մեր փաստերը այստեղ են: Դուն ալ, ինչ փաստեր ունիս, հանէ՛ զանոնք: Երկիրներով շրջելով ու որոշ տեղերու մէջ դրամ կերցնելով արշաւներ կազմակերպելով արդիւնքի պիտի չհասնիք»:

Էրտողան յայտարարած է, որ ինք միշտ կոչ ուղղած է, այժմ ալ կոչ կ՛ուղղէ, որ գան, ուսումնասիրեն թրքական արխիւները:

«Հրամեցէ՛ք, խնդրեմ, մեր արխիւները բաց են, փաստերը այստեղ են: Այժմ մենք հարիւր հազարաւոր, միլիոնէն աւելի փաստաթուղթեր ունինք: Դուն որքա՞ն ունիս: Հանէ՛ փաստերդ, մասնագէտներուն յանձնարարենք, քաղաքագէտներուն յանձնարարենք: Նոյնիսկ հնագէտներուն, իրաւաբաններուն յանձնարարենք, թող գան եւ այս փաստաթուղթերուն վրայ աշխատին: Ամէն ինչ բացայայտ էր», ըսած է ան:

Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ այլ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ, ծերակոյտներուն մէջ Թուրքիոյ դէմ բանաձեւեր որդեգրել տալով եւ ծրագիրներ կազմելով հարցը չի լուծուիր:

«Մենք լաւ գիտենք, թէ անոնք ինչպէ՛ս կը կատարուին, այդ արշաւները ինչպէ՛ս տեղի կ՛ունենան», ըսած է Էրտողան` պնդելով, որ Հայաստանը կը հրաժարի պատմաբաններու յանձնախումբ ստեղծելէ, որովհետեւ «նպատակը Թուրքիոյ դէմ յարձակիլն ու երկրին վնաս հասցնելն էր»:

Նախորդը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Թուրքիոյ Մասին. «Ներում Կը Շնորհուի Անոր, Որ Կը Գիտակցի Իր Մեղքը»

Յաջորդը

Չինաստան 23.5 Միլիոն Տոլարի Վարկ Կը Տրամադրէ Հայաստանին

RelatedPosts

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպեցաւ Եւրոպայի  Ընկերվարականներու Կուսակցութեան  Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալին
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպեցաւ Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալին

October 16, 2026
Ալիեւ. «Եւրոպական Խորհրդարանը Մշտապէս  Կը Թիրախաւորէր Շարունակուող Յարձակումի Զոհ  Դարձած Ազրպէյճանը Եւ Կը Խրախուսէր  Նախայարձակը` Հայաստանը»
Հայկական

Ալիեւ. «Եւրոպական Խորհրդարանը Մշտապէս Կը Թիրախաւորէր Շարունակուող Յարձակումի Զոհ Դարձած Ազրպէյճանը Եւ Կը Խրախուսէր Նախայարձակը` Հայաստանը»

October 16, 2026
Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի  Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի  Եւրոպական Համարկման Գործընթացը
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի Եւրոպական Համարկման Գործընթացը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.