Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ-Ռիատի Պէյրութ հանդիպումը:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, անկասկած նեղ պիտի գայ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար, որոնք բնականաբար մրցումին ազդանշանը տրուելէն բաւական առաջ մարզադաշտը ամբողջութեամբ պիտի լեցնեն:
Ինչպէս ծանօթ է, չորեքշաբթի, 4 մարտին, ՀՄԸՄ կատարեց այս տարեշրջանի իր ամէնէն տպաւորիչ մրցումը, երբ միայն կէտի մը տարբերութեամբ անարդարօրէն պարտուեցաւ նոյնինքն Ռիատի Պէյրութէն, Մանարայի մէջ:
Եթէ ՀՄԸՄ այսօր իր այդ նոյն ներկայացումը կատարէ եւ քիչ սխալներ գործէ, շատ դիւրութեամբ կրնայ յաղթել Ռիատիին:
Կեդրոնացում – պայքարի ոգի – անսխալ կողովներ. եթէ այս երեքը այսօր գոյութիւն ունենան ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ, շատ դիւրին է յաղթելը Ռիատիին: