Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնը իր 7-րդ համագումարին ընթացքին պաշտօնապէս որոշում տուաւ մասնակցելու Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական խաղերուն:
«Այս հարցը դրուեցաւ քուէարկութեան եւ 70 թեր եւ 2 դէմ քուէներով որոշուեցաւ, որ հայ կռփամարտիկները պէտք է մասնակցին այս խաղերուն», յայտարարեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Գէորգեան:
18 մարտին սկսելիք Հայաստանի կռփամարտի ախոյեանութենէն ետք պիտի որոշուի, թէ ո՛ր մարզիկները պիտի ներկայացնեն Հայաստանը` Ազրպէյճանի մէջ:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը նաեւ հաղորդեց, որ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Դաւիթ Թորոսեան հրաժարեցաւ մարզիկներուն հետ Պաքու մեկնելէ:
Հետեւաբար, եւրոպական այդ առաջին խաղերուն հայրենի կազմը Պաքու պիտի մեկնի Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանի գլխաւորութեամբ:
Նշենք, որ եւրոպական այդ առաջին խաղերը տեղի պիտի ունենան 12-28 յունիս 2015-ին: