Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Էրտողանի «Եթէ»-ն

March 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

3-17-15_vahoԹուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ «Եթէ Թուրքիան 1990-ական թուականներուն հզօր ըլլար, Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պիտի չըլլար»` աւելցնելով, որ եթէ օրին Թուրքիան «այսօրուան հզօր պետութիւնը ըլլար», «եղբայրներուն օգնելու համար աւելի շատ բան պիտի կարենար ընել»:

Թուրքիա օրին բազմաթիւ վարձկաններ եւ զինուորական խորհրդատուներ տրամադրեց իր «եղբայրներուն», ինչպէս նաեւ մեծաքանակ զէնք ու զինամթերք, սակայն ի զուր: Եթէ օրին աւելի հզօր ըլլար, լաւագոյն պարագային յաւելեալ վարձկաններ պիտի ուղարկէր, որուն իբրեւ հետեւանք յաւելեալ կորուստներ պիտի ունենար, որովհետեւ հայ մարտիկները յաւելեալ որս պիտի ունենային հնձելիք: Միակ տարբերութիւնը այդ պիտի ըլլար:

Էրտողան նաեւ յայտնեց. «Թուրքիան պատմական եւ մշակութային առումով պատասխանատուութեան շատ լայն դաշտ ունի»: Ան այդպիսով կ՛ակնարկէր Օսմանեան կայսրութեան տարածքին եւ կ՛արձագանգէր Իրանի նախագահին կրօնական եւ փոքրամասնութիւններու հարցերու խորհրդական Ալի Եունեսի այն յայտարարութեան, թէ իրանցիք պէտք է իրենց դիրքն ու պատմութիւնը ճանչնան, «այսինքն` միջազգային կերպով մտածենք եւ իբրեւ իրանեան ազգ գործենք»: Եունես նաեւ նշած էր, որ Թեհրան շրջանի ժողովուրդներուն շահերը կը պաշտպանէ նոր օսմանականութեան տիրապետութեան վտանգէն: Ատիկա կարելի է տեղադրել Թուրքիա-Իրան մրցակցութեան եւ շահերու բախման ծիրին մէջ:

Զարմանալին, սակայն, Էրտողանի այն պնդումն է, որ եթէ 1990-ական թուականներուն իր երկիրը այսօրուան նման հզօր ըլլար, Միջին Արեւելքի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող իրադարձութիւնները պիտի չըլլային: Սակայն այդ իրադարձութիւնները սկիզբ առին ներկայ «հզօր» Թուրքիոյ ժամանակաշրջանին եւ անոր մեղսակցութեամբ: Ամէնուրեք, Լիպիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի արիւնալի զարգացումներուն մէջ կան Թուրքիոյ մատնահետքերը: Արդեօք Էրտողան ըսել կ՛ուզէ, որ եթէ օրին Թուրքիան հզօր ըլլար, ինք «Արաբական գարուն»-էն ետք Սուրիոյ հետ իր իսկ կնքած ռազմավարական գործընկերութիւնը պիտի չխզէ՞ր, թուրք-սուրիական մեղրալուսինը պիտի շարունակէ՞ր, իր սահմանները ահաբեկիչներուն առջեւ պիտի փակէ՞ր կամ Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներուն պիտի չաջակցէ՞ր: Աւելի՛ն, եթէ 1990-ական թուականներու քեմալական Թուրքիան հզօր ըլլար, վստահաբար ո՛չ այսօրուան նոր օսմանական Թուրքիան պիտի ըլլար, ո՛չ ալ Էրտողան սուլթանութեան գահին տիրանալու այսքան մօտ պիտի ըլլար:

Այս բոլորէն անկախ, նախ եւ առաջ գոյութիւն ունի նաեւ հետեւեալ հարցը. արդեօք իր բոլոր դրացիներուն հետ խնդիրներ ունեցող, իր շրջապատէն մեկուսացած երկիր մը հզօ՞ր է: Ըստ երեւոյթին, Էրտողան այդպէս կը կարծէ:

 

 

 

Նախորդը

Երիտասարդութիւնը Պատմութեան Շպարը Չէ

Յաջորդը

Խմբագրական «Դրօշակ»-ի. Սարքովի Քաղաքական Դաշտ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.