Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդութիւնը Պատմութեան Շպարը Չէ

March 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

«Բոլորը կ՛ամչնան երիտասարդութենէն, որովհետեւ իրականութիւնը տարօրինակ է, բայց ինծի համար հակառակն է: Մե՛նք իրենց ձգեցինք աշխարհ մը, որ անիծուած է»:

ԴՈՒԲԱՔ

Որքա՜ն հեշտութեամբ կը մեղադրենք երիտասարդութիւնը, երբ անոր նիստ ու կացը, վարքն ու աշխարհահայեացքը մեր պատկերացումներն ու ակնկալութիւնները չեն բաւարարեր: Եւ դեռ, ինքնաժխտողական տարօրինակ մօտեցումով կը հաստատենք, որ պէտք ունինք նոր աւիւնի ու աւիշի, ամէն անգամ երբ դէմ յանդիման գտնուինք հաւաքական կեանքը կրծող մարտահրաւէրներու:

Երեւի թէ հարցը կը կայանայ «նոր»-ի հասկացողութեան մէջ, որ կը թուի մէկէ աւելի երանգներ ունենալ: Այս իմաստով, երիտասարդութենէն պահանջուածը յաճախ դիմագծային նորութիւն մըն է, որ միայն փայլք ու բուրմունք կը յաւակնի շնորհել աւանդական հին սաղմին: Յիշեալ նորութիւնը ոչ միայն չի բախիր հինին հետ, այլ կը ջրդեղէ զայն: Նորը խորքային ներգործութիւն չունի հոս, այլ միայն աղերս` հին գաղափարներու ու ըմբռնումներու:

Մինչ, գրեթէ միշտ, գոյութիւն կրնան ունենալ երիտասարդ տարրեր, որոնք կամայ թէ ակամայ դրօշակիրը կը դառնան այս «առաքելութեան»,  առողջ երիտասարդութեան, ա՛յն երիտասարդութեան, որ հաւատարիմ է իր հարազատ տարերքին, անյարիր է նման դերակատարութիւն, որովհետեւ երիտասարդը ընթացիկ պատմութեան շպարը չէ, այլ` անոր առանցքային հատորներու հիմնական հեղինակը:

Առ այդ, երբ պահանջուածը սոսկ դիմագծային նորութիւն է, արդար չէ յանձնառութեան բեռը զետեղել երիտասարդութեան ուսերուն: Իսկ եթէ ակնկալուածը խորքային նորութիւն է, որ ունի աշխարհահայեացքային ու ռազմավարական հասողութիւն, ապա իբրեւ նախապայման հարկաւոր է հանգստեան կոչել հին կարծրատիպերը, համոզումները ու քաջութիւնը ունենալ գէթ սայթաքումներու գնով փորձարկելու նորն ու աննախադէպը: Այդ մէկը կարելի կ՛ըլլայ, երբ երիտասարդութիւնը հնարաւորութիւն կ՛ունենայ իսկական ազդեցութիւն ունենալու հաւաքական կեանքին հետ առնչուող խորքային խնդիրներու վրայ:

 

 

 

Նախորդը

Կին Մտաւորականներ Եւ Միանձնուհիներ Ցեղասպանութեան Օրերուն

Յաջորդը

Անդրադարձ. Էրտողանի «Եթէ»-ն

RelatedPosts

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը
Անդրադարձ

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը

October 3, 2026
Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)
Անդրադարձ

Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)

October 3, 2026
Ուսանողութիւնը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Սլաք. Ըսեմ-Չըսեմ

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.