Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասատ Պատասխանելով Քերրիին. «Տակաւին Յայտարարութիւններ Կը Լսենք Եւ Պէտք Է Գործերուն Սպասենք»

March 17, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-15-15Assad-KerryՍուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի կիրակի օրուան յայտարարութեան, յայտնեց. «Տակաւին յայտարարութիւններ կը լսենք: Պէտք է գործերուն սպասենք եւ այն ատեն կ՛որոշենք»:

Ան շեշտեց, որ «Սուրիոյ նախագահի ապագային վերաբերեալ խօսքը կը պատկանի սուրիացի ժողովուրդին, եւ արտասահմանէն (այդ առնչութեամբ) եկող որեւէ յայտարարութիւն մեզի չի վերաբերիր»:

Ասատ իրանեան պատկերասփիւռի կայանի մը հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Մենք միայն սուրիացի ժողովուրդի խօսքին ականջ կու տանք, եւ արտասահմանէն եկող որեւէ բան պարզապէս օճառի փրփուր է»: «Այս առումով միջազգային որեւէ փոփոխութիւն, եթէ անկեղծ է եւ գետնի վրայ ազդեցութիւն ունի, դրական է, սակայն առաջին քայլը կ՛ըլլայ ահաբեկիչներուն քաղաքական աջակցութիւնը դադրեցնելով, ֆինանսական միջոցներ եւ զէնքեր ուղարկելը դադրեցնելով, ինչպէս նաեւ ճնշում բանեցնելով եւրոպական պետութեանց եւ մեր շրջանին մէջ անոնց հետեւորդ երկիրներուն վրայ, որոնք ահաբեկիչներուն գումակային, ֆինանսական եւ զինուորական աջակցութիւն կ՛ապահովեն: Այդ պարագային կրնանք ըսել, որ այս փոփոխութիւնը իսկական փոփոխութիւն մըն է», նշեց Ասատ:

«Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան, մեր հայրենիքը պաշտպանելուն այլընտրանքը չունինք: Այս կէտին վերաբերեալ այլընտրանք գոյութիւն չունի եւ առաջին օրէն ի վեր գոյութիւն չունէր», ըսաւ ան:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս երէկ իր կարգին անդրադառնալով Քերրիի յայտարարութեան նշեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ ընդդիմանալ Ասատի հետ բանակցելու գաղափարին` աւելցնելով. «Մեզի համար յստակ է, որ Պաշշար Ասատ չի կրնար այդ պատկերին մէջ ըլլալ»:

Քերրի. «Ուաշինկթըն Սուրիոյ Մէջ
Տագնապին Վերջ Տալու Համար
Պիտի Ստիպուի Բանակցիլ Ասատի Հետ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ «Ուաշինկթըն պատրաստ է Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման վերաբերեալ Ժընեւի խորհրդաժողովի կէտերուն ծիրին մէջ բանակցելու»:

Ան նշեց. «Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ տագնապին վերջ տալու համար պիտի ստիպուի բանակցիլ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ»:

«Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Պրենըն իր կարգին յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներ սուրիական կառավարութեան եւ անոր պատկանող հաստատութեանց քայքայումը չ՛ուզեր, որովհետեւ ատիկա իսլամ ծայրայեղական խմբաւորումներուն եւ մասնաւորաբար ՏԱՀԵՇ-ի համար ճամբայ պիտի հարթէ»` աւելցնելով. «Չենք ուզեր անոնց արտօնել դէպի Դամասկոս յառաջանալ»: Ան ըսաւ, որ այդ պատճառով կարեւոր է սուրիական ոչ ծայրայեղական ընդդիմութեան ուժերուն աջակցիլ:

Պրենըն Նիւ Եորքի Արտաքին յարաբերութեանց հետազօտման կեդրոնին մէջ արտասանած իր խօսքին ընթացքին ըսաւ. «Մեզմէ ոչ ոք, ո՛չ Ռուսիան, ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ դաշինքը, ո՛չ ալ շրջանի երկիրները Դամասկոսի մէջ կառավարութեան ու քաղաքական հաստատութեանց քայքայումը կ՛ուզեն»:

Նախորդը

Զարիֆ. «Եթէ Արեւմուտքը Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութեամբ Ստանձնած Իր Յանձնառութիւնը Չյարգէ` Համաձայնութիւնը Չեղեալ Պիտի Նկատուի»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.