Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարիֆ. «Եթէ Արեւմուտքը Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութեամբ Ստանձնած Իր Յանձնառութիւնը Չյարգէ` Համաձայնութիւնը Չեղեալ Պիտի Նկատուի»

March 17, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քերրի եւ Զարիֆ
Քերրի եւ Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ եթէ Արեւմուտքը հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեամբ ստանձնած իր յանձնառութիւնը չյարգէ` համաձայնութիւնը չեղեալ պիտի նկատուի:

Ան ըսաւ, որ համաձայնութիւնը պէտք է ջնջէ Իրանի դէմ հաստատուած բոլոր պատժամիջոցները, ինչպէս նաեւ վերջ տայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին արծարծումին:

Նշենք, որ Զարիֆ երէկ Լոզանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ: Զարիֆ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Քերրիի հետ քննարկած է պատժամիջոցներու ջնջման հարցը, քոնկրեսականներուն ուղղած նամակը եւ առկախ հարցերը լուծելու կարելիութիւնները:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտարարեց. «Աշխարհի վրայ եւ մասնաւորաբար մեր շրջանին մէջ հիւլէական զէնքեր չենք ուզեր»:

Քերրի Յոյս Կը Յայտնէ
Համաձայնութեան Գոյացման Առնչութեամբ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յոյս յայտնեց, որ Վեցեակն ու Իրանը «յառաջիկայ օրերուն ընթացքին» պիտի կարենան վերջինիս հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել, եթէ Թեհրան կարենայ փաստել, որ իր հիւլէական ծրագիրը միայն խաղաղ նպատակներու համար է:

Քերրի Եգիպտոսի մէջ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կը յուսամ, որ ատիկա յառաջիկայ օրերուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ»:

Ան մէկ օր առաջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած էր. «Եթէ չկարենանք Իրանի հետ դիւանագիտական համաձայնութիւն ձեռք բերել, պիտի դիմենք այլ միջոցառումներու, սակայն ատիկա Իրանի` դէպի հիւլէական զէնքի ձեռք բերում երթը պիտի չարգելակէ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի իր կարգին յայտնեց. «Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնը եթէ գոյանայ, պիտի վաւերացուի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ»` աւելցնելով. «Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումին ժամկէտն ու հոլովոյթը տակաւին չէ ճշդուած»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի մէջ հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Միչ ՄքՔոնըլ երէկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Իրանի հետ վերջինիս հիւլէական ծրագիրին շուրջ «շատ վատ համաձայնութիւն մը» կնքելու եզրին կը գտնուի, իսկ Քոնկրեսը այդ առնչութեամբ իր խօսքը պիտի ըսէ:

 

Նախորդը

Պաքուի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Ընդդիմութեան Հանրահաւաքը

Յաջորդը

Ասատ Պատասխանելով Քերրիին. «Տակաւին Յայտարարութիւններ Կը Լսենք Եւ Պէտք Է Գործերուն Սպասենք»

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.