Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանադրական Բարեփոխումներուն Շուրջ. Նախագահ Սարգսեան ՀՅԴ-Ի»ի Առաջարկած Գրեթէ Բոլոր Կէտերը Ընդունած Է

March 13, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-12-15_FotorCreated6Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի տեղեկատուութեան ծառայութենէն երէկ յայտնած են, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան սահմանադրական փոփոխութիւններու կապուած հանդիպումներ ունեցած է քաղաքական ուժերու, որոնց շարքին ` ՀՅԴ-ի հետ :

Երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին լրագրողները ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանէն հետաքրքրուած են, թէ ի՞նչ քննարկուած է նախագահին հետ այդ հանդիպման ընթացքին:

Մինասեան պատասխանած է. «Մենք հրապարակած ենք հայեցակարգի վերաբերեալ մեր առաջարկները: Մինչեւ այդ հայեցակարգը  նախագահին կողմէ ընդունուիլը, անհրաժեշտ էր, որ մեր տեսակէտները քննարկուէին նախագահին հետ: Այս պահու դրութեամբ արձանագրենք, որ գրեթէ բոլոր կէտերուն մէջ կայ  փոխադարձ ընկալում, եւ մեր առաջարկները գրեթէ ամբողջութեամբ իրագործման ենթակայ են: Ճամբու քարտէսը եւ ժամկէտները բոլոր կէտերով տակաւին քննարկման փուլի մէջ են: Այն մասով, որ այստեղ սահմանադրական բարեփոխումներու  անհրաժեշտութիւն կայ, լիակատար համաձայնութիւն է, երկրորդ` շեշտադրումները տնտեսական, քաղաքական, մարդկային իրաւունքներու, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ դատական համակարգերու, իշխանութիւններու թեւերու հաւասարակշռման եւ փոխադարձ զսպումներու մարզերու, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն միասնական քաղաքական համակարգ ունենալու հարցերուն մէջ մեծամասնութեամբ կը համընկնին մեր մօտեցումներուն: Որոշակի խմբագրումները մասնագիտական յանձնախումբը պիտի ընէ: Կախուած անկէ, թէ միւս քաղաքական ուժերուն  տեսակէտները ինչպիսի՛ն պիտի ըլլան, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին արձագանգը ինչպէս պիտի ըլլայ: Արդէն ատկէ ետք պարզ կ՛ըլլան թէ՛ ժամկետները, թէ՛ սահմանադրական փոփոխութիւններու բուն բովանդակութեան  մշակման յաջորդականութիւնը»:

Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, սահմանադրական փոփոխութիւնները յաճախ կը ներկայացուին իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, առանց մանրամասնութիւններու. «Այն փաստը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի ընտրութիւններու հիմքը 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգն է, այստեղ տարակարծութիւն չկայ: Ժամկէտներու առումով կան քննարկումներ,թէ քանի՛ հանգրուաններով եւ ինչ ժամկէտներու մէջ պէտք է ըլլայ: Տակաւին  վերջնականացած չեն: Սահմանադրական փոփոխութիւններու յստակ ազդակը կը վերաբերի քաղաքական համակարգի առողջացման: Կը ցաւիմ, որ յաճախ շատ նախնական մակարդակի վրայ կը դրուի սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցը` իբրեւ կառավարման փոփոխութիւններու հարց: Ատիկա մեր առօրեան է, մեր կեանքն է: Մարդիկ չեն պատկերացներ սահմանադրական փոփոխութիւններու դրական ազդեցութիւնը մեր կեանքին վրայ: Մենք չենք պնդեր, որ հանրաքուէին յաջորդ օրը քաղաքացին պիտի սկսի լաւ, հարուստ ապրիլ, ոչ: Բայց պիտի սկսի  հոլովոյթ մը, ուր քաղաքացին ինքզինք իրագործած  պիտի զգայ: Ատոր երաշխաւորը կառավարման խորհրդարանական համակարգը պիտի ըլլայ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ  նախագահին հետ ո՞ր կէտին շուրջ համաձայնութիւն չեն գոյացուցած, Արծուիկ Մինասեան ըսած է. «Չեմ ըսեր, որովհետեւ քննարկումները տակաւին կը  շարունակուին: ժամանակէն առաջ զանոնք հրապարակելը չեմ կարծեր, որ ճիշդ, արդիւնաւէտ է: Մենք կը շարունակենք քաղաքական քննարկումները, նախագահը կը շարունակէ խորհրդակցութիւնները այլ քաղաքական ուժերու հետ: Մենք կ՛ունենանք լիարժէք պատկեր, ատոր  մասին յստակ կը խօսինք բոլոր կէտերուն մասին»:

 

Նախորդը

Ուորլիք. «Բանակցային Հոլովոյթին Մէջ Պէտք Է Հաշուի Նստին Արցախի Ժողովուրդին Հետ»

Յաջորդը

Փութին Պիտի Մասնակցի Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներուն

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.