Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարմազանովի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Չեխիա Կը Գտնուի

March 10, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-09-15_sharԱզգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Չեխիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու տան  փոխնախագահ Եան Պարտոչեքի հրաւէրով եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ  Չեխիա կը գտնուի:

Պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջն են ՀՅԴ  խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան եւ Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավար Հրայր Թովմասեան, երէկ տեսակցած է Չեխիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու տան  փոխնախագահ Եան Պարտոչեքի հետ: Հայաստանի  Ազգային ժողովի փոխնախագահը ըսած է, որ հայ խորհրդարանականներու այցելութիւնը լրացուցիչ խթան կը հանդիսանայ հայ-չեխական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման եւ զարգացման, մասնաւորապէս միջխորհրդարանական համագործակցութեան զարգացման համար:

Էդուարդ Շարմազանով արձանագրած է, որ մեր օրերուն բաւական ընդգրկուն է խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը համաշխարհային հոլովոյթներուն մէջ, պատգամաւորական բարեկամութեան խումբերուն  դերը երկկողմանի կապերու զարգացման գործին մէջ: Շարմազանով իր գոհունակութիւնը յայտնած է միջխորհրդարանական յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող բարձր մակարդակին կապակցութեամբ` անհրաժեշտ նկատելով աւելի աշխուժացնել խորհրդարանական համագործակցութիւնը ինչպէս երկկողմանի ձեւաչափով, այնպէս ալ միջազգային ասպարէզներուն մէջ իրարու աջակցելու տեսանկիւնէն:

Ազգային ժողովի փոխնախագահը վերահաստատած է, որ Հայաստան կը շարունակէ յանձնառու մնալ եւրոպական արժէքներուն եւ սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ վճռական է եւրոպացի գործընկերներուն հետ միասին ընդլայնելու եւ խորացնելու կառոյցներու բարեփոխումներուն հոլովոյթը` ուղղուած ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան շարունակական ամրապնդման:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` Շարմազանով նշած է, որ Հայաստան կողմնակից է տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման: Ան անընդունելի նկատած է Ազրպէյճանի կողմէ տագնապի զինուորական լուծման փորձերը: Ազգային ժողովի փոխնախագահը բարձր գնահատած է տագնապի հարցին մէջ  պաշտօնական Փրակայի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը:

Չեխիոյ պատգամաւորներու տան փոխնախագահը իր կարգին ընդգծած է, որ կողմնակից է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման: Ան գոհունակութեամբ նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէսներուն  շարքը կը սկսի Չեխիայէն:

Հանդիպումին աւարտին Էդուարդ Շարմազանով  Եան Պարտոչեքը հրաւիրած է այցելելու Հայաստան:

Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը երէկ մասնակցած է Չեխիոյ պատգամաւորներու տան  միջնորդութիւններու հարցերով յանձնախումբին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող «Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի առաջին էջերուն վրայ» խորագիրով ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման, ուր հայկական պատուիրակութեան ղեկավարը խօսք առած է:

Իսկ այսօր, Փրակայի Քարլի համալսարանին մէջ  տեղի ունենալիք «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւն. իրաւական եւ քաղաքական երեւոյթները» խորագիրով գիտաժողովին ընթացքին, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով պիտի ներկայացնէ դասախօսութիւն մը: Նախատեսուած է հայ խորհրդարանականներու  հանդիպումը Չեխիոյ Ծերակոյտի փոխնախագահ Զտենեք Շքրոմախի հետ:

 

 

Նախորդը

Փարիզի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհ Դարձած Հայ Կիներուն Նուիրուած Յուշակոթող Մը Բացուած Է

Յաջորդը

Նալբանդեան Սլովենիա Կ՛այցելէ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.