Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի երիտասարդական հրացանաձգութեան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին վազող-թիրախ (10 մեթր, 20 + 20 կրակոց) աղջկանց մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչ Լիլիթ Մկրտչեան 362 կէտ ապահովելով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
ArmSport.am լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Լիլիթ Մկրտչեան կիսաւարտականին 6-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆլորանս Լուիսին, աւարտականին յաղթելով հունգարացի Վերոնիքա Մայըրին (6-4), հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Հայաստանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնը աւելի ուշ հրապարակեց Հայաստանի մնացեալ մասնակցողներուն գրաւած դիրքերը` նշելով, որ անոնք չկրցան պատուոյ թրիպիւն բարձրանալ: