Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւողը փոխուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Ռէալ Մատրիտ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Աթլեթիքօ Պիլպաոյէն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Արից Ատուրից (27-րդ):
Պարսելոնա, որ 6-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ռայօ Վայեքանոն, պարագլուխի դիրքը խլեց Ռէալ Մատրիտէն, որ այժմ 1 կէտով ետ կը մնայ Պարսայէն:
Լիոնել Մեսսի հեթրիքի հեղինակ դարձաւ (56-րդ` փենալթիով, 63-րդ եւ 68-րդ), մինչ մնացեալ կոլերը նշանակեցին Լուիս Սուարեզ (6-րդ եւ 90-րդ) եւ Ժերար Փիքէ (49-րդ):
Իւրաքանչիւր խումբ մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով: Վայեքանոյէն կարմիր քարտ ստացաւ Թիթօ (55-րդ), իսկ Պարսելոնայէն` Տանիել Ալվես (80-րդ):
Գերմանիոյ մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Հանովըր-96-ի դաշտէն, 11 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Վոլֆսպուրկի վրայ, որ Օկզպուրկի դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Պայէրն Միւնիխի կոլերը նշանակեցին Խապի Ալոնսօ (28-րդ) եւ Թոմաս Միւլըր (61-րդ` փենալթիով եւ 72-րդ):
Պորուսիա Տորթմունտ (10-րդ), որ հիւրն էր Համպուրկի, 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
Տորթմունտի հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ 76-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Նշենք, որ Տորթմունտ իր կատարած վերջին չորս մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր: