Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց տարիքային ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 2001-2002-ի ծնունդներու կիսաւարտականի ճակատումները տեղի ունեցան երէկ` կիրակի, 8 մարտին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ` Նաքքաշ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ մրցեցաւ Պլու Սթարզի դէմ, չկրցաւ աւարտական հանգրուանի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ 52-17 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Աւարտականին Պլու Սթարզ պիտի մրցի Հուփսին դէմ, որ 45-20 արդիւնքով յաղթեց Շանվիլին: