
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Ա. խմբակին մաս կազմող Ռիատի Պէյրութ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 87-79 արդիւնքով յաղթեց Մութթահետի, այս վերջինին դաշտին` Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցած մրցումին:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տուարիք Սփենսըր (30 կէտ)` Մութթահետէն: Ֆատի Խաթիպ (Ռիատի) նշանակեց 27 կէտ:
Բ. խմբակին մէջ երէկ երեկոյեան Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին մէջ Թատամոն իր կարգին արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ տպաւորիչ մրցում մը ներկայացնելով 94-83 արդիւնքով (25-22, 48-38, 68-64 եւ 94-83) պարտութեան մատնեց Սաժեսը:
Թատամոնի յաղթանակը կերտողները հանդիսացան Վլատան Վուքրսլա եւ Քորի Ուիլիըմզ, որոնք նշանակեցին 28-ական կէտ:
Այսօր, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Բ. խմբակին մաս կազմող Հուփս Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ կը հիւրընկալէ Շանվիլը: Անոնք երկուքն ալ կրած են մէկական յաղթանակ: