Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առնուազն 7-Ը Սպաննուած Ազրպէյճանցիներ. Սահմանին Վրայ Ոչնչացուած Ազրպէյճանցի Զինուորներուն Մէջ Եղած Է Թուրք Հրահանգիչ Մը

Մարտ 7, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-6-15_sahman5-6 մարտի լուսցող գիշերը ազրպէյճանական զինեալ ուժերը սահմանագիծի տարբեր հատուածներուն մէջ զինադադարը խախտած են  աւելի քան 80 անգամ` հայ դիրքապահներուն  ուղղութեամբ տարբեր տեսակի զէնքերէ  արձակելով շուրջ 4500 կրակոց: Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան, ազրպէյճանական կողմը հիւսիսային (Շահումեանի) ուղղութեամբ կիրարկած է նաեւ «ԶԻԿ -23-2» զէնքի տեսակ:

«Նշուած կրակակէտը վնասազերծելու նպատակով պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ուժերը դիմած են համապատասխան գործողութեան, որուն ընթացքին սպաննուած է հակառակորդի առնուազն 3 զինուոր եւ քանդուած «ԶԻԿ -23-2» զէնքի տեսակը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Պաշտպանութեան բանակէն նաեւ հաղորդած են, որ սահմանագիծին վրայ հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքի տեսակներու  կիրարկումով շարունակած է խախտել զինադադարը եւ միաժամանակ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներով փորձած է իրականացնել ներթափանցման գործողութիւններ:

«Միաժամանակ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու մարտակերտեան ուղղութեան ստորաբաժանումները կանխարգելիչ գործողութիւններ իրականացուցած են հակամարտ ուժերու սահմանագիծի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ: Ըստ հաստատուած տուեալներուն, տեղի ունեցած մարտերուն ընթացքին ոչնչացուած է գործողութեան շրջան եկած ազրպէյճանական յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման 4 զինուոր»,  հաղորդած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ըստ որուն, հայկական կողմը կորուստներ չէ ունեցած:

Մինչ այդ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է «հայկական ներթափանցող խումբի» վնասազերծման մասին, որուն հետեւանքով հայկական կողմը իբրեւ թէ  կորուստներ կրած է, իսկ ազրպէյճանական կողմէն  վիրաւորուած է սպայ Տայանաթ Զահիտով:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան հերքած է ազրպէյճանական կողմին պնդումները:

«Չկայ նման բան, իսկ իրենց սպաննուածներն ու վիրաւորները տակաւին երկար «դուրս պիտի տան»: Իրենց իւրաքանչիւր սպաննուածն ու վիրաւորը  բացայայտելու ժամանակ, չեղած հայկական ներթափանցում պէտք է յօրինեն», գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը, դիմատետրի իր էջին մէջ:

Կանխարգելիչ գործողութեան ժամանակ ոչնչացուած ազրպէյճանական յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումի զինուորներուն  մէջ կայ նաեւ թուրք մը: Այս մասին յայտնած են NEWS.am-ի աղբիւրները` նշելով, որ սպաննուածներէն մէկը Թուրքիոյ հրահանգիչ է:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Սլովաքիոյ Դեսպանին Հաւատարմագիրները

Յաջորդը

Վահագն Մելիքեան` Սփիւռքի Փոխնախարար

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?