Սումկայիթի ջարդերու 27-րդ տարելիցին առիթով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 28 փետրուարին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի եւ հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ զետեղած անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ գրասենեակը: Սումկայիթեան ջարդերու զոհերուն յիշատակը յարգած են նաեւ այս օրերուն Արցախ գտնուող ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի գլխաւորութեամբ: