Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Հայաստանի կառավարութեան արտակարգ նիստին, որ վարած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, կառավարութիւնը որոշած է առաջարկել Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահին 3 մարտի 2015-ին գումարել Ազգային ժողովի արտակարգ նիստ` օրակարգին մէջ ընդգրկելով շարք մը օրէնքներու մէջ փոփոխութիւններ կատարելու հարցը: