Հայ ազգային քոնկրեսը (ՀԱՔ) առնուազն մինչեւ 24 ապրիլ զանգուածային ձեռնարկներ պիտի չկազմակերպէ, երէկ «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ 1 մարտ 2008-ի դէպքերուն 7-րդ տարելիցին առիթով տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին յայտարարեց ՀԱՔ-ի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան:
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ անոր ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանին ՀԱՔ-ի ղեկավարը իր խօսքին մէջ հպանցիկ կերպով անդրադարձաւ` միայն նշելով, որ այդ կուսակցութեան նկատմամբ վայրագ հաշուեյարդար իրականացուեցաւ:
«Ընդդիմութեան դաշտին մէջ մինակ մնացած ՀԱՔ-ին ժամանակ պէտք է իր հետագայ մարտավարութիւնը ճշդելու եւ պայքարի քաղաքական պաշարները հաշուարկելու համար», ըսաւ Տէր Պետրոսեան:
Մէկ ժամ տեւած հանրահաւաքէն ետք ՀԱՔ-ի ներկայացուցիչները, իրենց համախոհներուն հետ, երթով Մաշտոցի պողոտայէն հասան Երեւանի քաղաքապետարանին կից հրապարակ, ուր 1 մարտ 2008-ի գիշերը տեղի ունեցան 10-ը մարդու կեանք խլած արիւնալի դէպքերը:


