Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյրան Օհանեան. «Յոյս Ունիմ Որ Ռուսիա Կրնայ Չափաւորել Մեր Դրացիին Զինուելու Մոլուցքը»

Փետրուար 28, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

22715_sey«Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը հարցազրոյց մը ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին հետ, որ խօսած է Ռուսիոյ  կողմէ Ազրպէյճանի  տրամադրուող միլիառաւոր տոլարներ արժող  զէնքի հարցին մասին: Նախարարը նշած է, որ ատիկա չափազանց նուրբ հարց է մեզի համար:

«Մէկ կողմէ մենք կը գիտակցինք, որ որեւէ  պետութիւն իրաւունք ունի զէնքի առեւտուրով զբաղելու, սակայն նաեւ կը գիտակցինք, որ ռազմավարական գործընկերոջ շահերն ու մտավախութիւնները եւս պէտք է հաշուի առնուին: Կը յուսամ, որ մեր ռուս գործընկերները կը հետեւին Ազրպէյճանի հետ զինուորական – արհեստագիտական համագործակցութեան  եւ կը փորձեն չափաւորել մեր դրացիին «զինուելու մոլուցքը»», ըսած է Սէյրան Օհանեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարարը խօսած է նաեւ վերջին շրջանին յաճախակիացած զինադադարի խախտման դէպքերուն մասին եւ անդրադարձած լայնածաւալ գործողութիւններու վերսկսման կարելիութեան:

Օհանեան նշած է, որ լայնածաւալ գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութիւնը կարելի չէ անտեսել, որովհետեւ տակաւին հակամարտող կողմերը վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրի չեն հասած:

«Հայկական կողմը հետեւած է 1994 թուականէն ի վեր ուժի մէջ մտած զինադադարի պայմանին: Իրավիճակը կտրուկ վատացաւ 2014 թուականի ամրան եւ կը շարունակուի այս տարի», ըսած է նախարարը եւ յիշեցուցած անցեալ տարուան  նոյեմբերին ուսումնավարժական թռիչք իրականացնող ղարաբաղեան ուղղաթիռի ջախջախումը, բնակավայրերու ուղղութեամբ  ծանր զէնքերով կրակոցները, արձակազէններու կողմէ  բնակիչներուն վրայ կրակ բանալու դէպքերը: «Նման դէպքերուն հայկական կողմը կը պատասխանէ», ըսած է Օհանեան:

«Կրնա՞ն արդեօք մեր գործողութիւնները սանձել հակառակորդը եւ զայն կառուցողական դաշտ  բերել, թէ՞ աւելի կը մօտեցնեն մեզ լայնածաւալ գործողութիւններուն: Հաւանաբար ատիկա ոչ ոք գիտէ», ըսած է ան:

Պատասխանելով լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու պարագային Հայաստանի եւ  կամ Լեռնային Ղարաբաղի կողմէ Ռուսիոյ  մասնակցութեան կարելիութեան մասին հարցումին` Օհանեան նշած է, որ  Ռուսիա  Հայաստանի ռազմավարական գործընկերն է, եւ երկիրը իրաւականօրէն ամրագրուած պարտաւորութիւններ ունի Հայաստանի անվտանգութեան հարցին մէջ: Ըստ նախարարին, բացի ատկէ, Ռուսիա եւ Հայաստան ՀԱՊԿ-ի  անդամ են եւ, համապատասխանաբար, փոխադարձ պարտաւորութիւններ ունին հաւաքական անվտանգութեան եւ բազմակողմանի յարաբերութիւններու ձեւաչափով:

Ան նշած է, որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնները իրենց յոյսը նախ եւ առաջ կը  դնեն Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ  ուժերուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին վրայ:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Դեսպանը Հրաժեշտի Հանդիպում Ունեցած Է Իրանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարին Հետ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Իսլամ Ծայրայեղականներու Կողմէ Ասորիներու Առեւանգումը Եւ Մօտէն Կը Հետեւի Շրջանի Հայութեան Կացութեան

RelatedPosts

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի  Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում
Հայկական

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում

Մայիս 3, 2025
Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին`  Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով
Հայկական

Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին` Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով

Մայիս 3, 2025
Կիպրոսի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը  Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է  Երկրի Նախագահին
Հայկական

Կիպրոսի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Երկրի Նախագահին

Մայիս 3, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?