Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ցիւրիխեան Արձանագրութիւնները Կեանքի Կոչման Համար Թուրքիա Նախապայման Կը Դնէ. Հայաստան Պէտք Է Հեռանայ Ազրպէյճանի Տարածքներէն» Կը Յայտարարէ Չաւուշօղլու

Փետրուար 26, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մեւլութ Չաւուշօղլու
Մեւլութ Չաւուշօղլու

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշած է, որ «Հայաստան չկրցաւ յաջողիլ անկեղծութեան քննութեան մէջ», այդ պատճառով ալ խորհրդարանէն արձանագրութիւններու յետս կոչումը որեւէ նշանակութիւն չունի:

«Ցիւրիխեան արձանագրութիւններու կեանքի կոչման համար Թուրքիա նախապայման կը դնէ. Հայաստան պէտք է հեռանայ Ազրպէյճանի տարածքներէն», յայտարարած է ան:

«Ազրպէյճանն ու Թուրքիան կը փափաքին, որ Հարաւային Կովկասը խաղաղ ու անվտանգ վայր ըլլայ, սակայն Հայաստան այլ մտադրութիւններ ունի: Կովկասը խաղաղ եւ անվտանգ պիտի դառնայ, եթէ Հայաստան շտկէ իր սխալները», ըսած է Չաւուշօղլու:

Թուրքիոյ` Պաքու գտնուող արտաքին գործոց նախարարը ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հարաւային Կովկասը, Միջերկրական եւ Սեւ ծովերու աւազանները միշտ Թուրքիոյ համար մեծ նշանակութիւն ունեցած են:

«Դժբախտաբար, այս շրջանին մէջ այնպիսի ձգձգուած խնդիրներ կան, ինչպիսին Լեռնային Ղարաբաղի, աբխազական եւ հարաւային օսեթական տագնապներն են, որոնք անորոշութեան աղբիւր կը հանդիսանան», ըսած է ան:

Նախարարին կարծիքով, ազգային, կրօնական հողի վրայ տագնապները, կամ անոնք, որոնց հիմքը տարածքային յաւակնութիւններն են, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան բացակայութիւնը բացասաբար կ՛անդրադառնան թուարկուած խնդիրներու լուծման վրայ:

«Այդ խնդիրներու խաղաղ լուծումը` Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ, այն գործօնն է, որ կը բխի շրջանի ազգերու եւ միջազգային ընտանիքի շահերէն», յայտարարած է Չաւուշօղլու:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը ընդգծած է, որ թուարկուած խնդիրները սպառնալիք են Եւրասիոյ կայունութեան ու խաղաղութեան համար:

«Այդ պատճառով ալ համաշխարհային ընտանիքը, միջազգային կազմակերպութիւնները, մասնաւորաբար` ՄԱԿ-ը եւ ԵԱՀԿ-ը պէտք է բազմապատկեն ջանքերը շրջանի տագնապներուն լուծման համար», ըսած է Չաւուշօղլու` յիշեցնելով, որ Թուրքիա կը հետեւի հոլովոյթներուն ու կը սատարէ Ազրպէյճանին:

Ըստ անոր, Թուրքիան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ երրորդ երկիրներու հետ հանդիպումներու ընթացքին միշտ կ՛արծարծէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցը` զայն իր խնդիրը նկատելով:

Երեւան Արձագանգած Է Թուրքիոյ
Արտաքին Գործոց Նախարարի
Յայտարարութեան

Շաւարշ Քոչարեան
Շաւարշ Քոչարեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցումով, պատասխանելով Tert.am-ի հարցումին, արտաքին գործոց  փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան ըսած է. «Առնուազն տարակուսանք կը յառաջացնէ այն հանգամանքը, որ արձանագրութիւններուն շուրջ բանակցող թրքական պատուիրակութիւնը տեղեակ չէր, ըստ Չաւուշօղլուի, ամբողջ աշխարհին յայտնի թրքական նախապայմաններէն: Նման կեղծ տեղեկութիւններ տարածելով` անկեղծութեան մասին խօսիլը տարօրինակ է, բայց, միեւնույն ժամանակ, բնորոշ թրքական իշխանութիւններուն»:

«Ինչպէս նշած է արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեան տակաւին 2010-ին, ցիւրիխեան արձանագրութիւններու ստորագրման առաջին տարեդարձին առիթով «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած իր յօդուածով` «մեր դիրքորոշումը արտայայտուած էր առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կարգաւորման յայտնի մօտեցումով: Այդ սկզբունքին վրայ հիմնուած էր Թուրքիոյ հետ բանակցային գործընթացին սկիզբը: Եւ այս ընդհանուր փոխըմբռնումով մենք սկսանք, վարեցինք գործընթացը եւ եկանք պայմանաւորուածութիւններու: Միջազգային հանրութիւնը` զուիցերիացի միջնորդները, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը, ԵԱՀԿ-ը, Եւրոպական Միութիւնը, Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Ֆրանսան եւ շատ այլ երկիրներ, գործընթացի սկիզբէն մինչեւ այսօր համամիտ են այս մօտեցումին հետ»: Անկէ ետք  յիշեալ երկիրները եւ կազմակերպութիւնները տարբեր առիթներով բազմիցս վերահաստատած են այդ իրողութիւնը», ըսած է Շաւարշ Քոչարեան:

 

Նախորդը

Չիչեք. «Մենք Մաքրամաքուր Ազգ Ենք Եւ Ամօթալի Պատմութիւն Չունինք»

Յաջորդը

Սէյրան Օհանեան. «Սահմանին Վրայ Կացութիւնը Համեմատաբար Հանդարտ Է»

RelatedPosts

Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով  Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»
Գլխաւոր լուրեր

Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»

Մարտ 24, 2023
Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար  Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ  Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի  Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»
Գլխաւոր լուրեր

Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»

Մարտ 24, 2023
Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Բերձորի Միջանցքի  Վերաբացման Համար Ուղիներ Կը Փնտռէ
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Դեսպանը Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի Որոշումը Չկատարելու Հարցով Կանչուած Է Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In