Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սիս Մատեան»` Անսպառ Աղբիւր Սիսի Ու Կիլիկիոյ Պատմութեան

Փետրուար 26, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Կան երկոտասնեակէ մը աւելի հայերէնով ու օտար լեզուներով գիրքեր, որոնք կը պատմեն Կիլիկիոյ ծագումէն մինչեւ օրերս երկարաձգուող պատմութիւններ` հարուստ ու բազմաբնոյթ նիւթերով, Կիլիկիոյ 5 գաւառներուն, մայրաքաղաք Սիսի, հայկական թագաւորներուն, հայոց կաթողիկոսներուն, հայ ժողովուրդի` Կիլիկիոյ մէջ հաստատման մասին, մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւն ու Կիլիկիոյ պարպումը հայութենէն:

Այս բոլոր գիրքերուն մէջ իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ 11 երկար տարիներու արգասիքը հանդիսացող ու բազմաթիւ սիսեցի հայ մտաւորականներու տքնաջան աշխատանքը եղող կոթողական այս գիրքը` «Սիս մատեան»-ը: 771 մեծածաւալ էջերէ բաղկացած այս հատորին, շատերու կողքին, գլխաւոր երկասիրողը եղած է սիսեցի յայտնի մտաւորականներէն Միսաք Քէլէշեանը: Ապա գիրքը կը վաւերագրուի քննական յանձնախումբի մը կողմէ` 1949-ին, հրատարակութեան նախօրեակին:

Վաւերագիր

«Սիս մատեան»-ի հրատարակչական կեդրոնական վարչութեան Դ. նիստի որոշման ընդառաջելով` ձեռնարկեցինք Սիսի պատմութեան քննարկութեան, նկատի առնելով բոլոր պարագաները` պատմական եւ աւանդական շրջաններուն առնչութեամբ, եւ ուրախ ենք յայտնելու, որ բոլոր մշակուած նիւթերը ողջամիտ, անկողմնակալ եւ անաչառ ոգիով խմբագրուած եւ ուսումնասիրուած են, մանաւանդ մեր ծննդավայրի կենցաղավարութեան պայմանները ցոլացուած են հոն` ճշգրտութեամբ:

Հետեւաբար, խորապէս գնահատելով երկասիրող Միսաք Քէլէշեանի տքնաջան աշխատութեանց արդիւնքը, կը վաւերացնենք հեղինակին ընդգրկած ուղղութիւնն ու ճշմարտութեան մօտենալու նախանձախնդրութիւնը եւ կը յանձնարարենք մեր բոլոր ազգակիցներուն` անվարան հետեւիլ այս հոյակապ հատորին արձանագրած դէպքերուն` զայն ընդունելով իբրեւ իրենց սնարի անհրաժեշտ մէկ զարդը:

Պէյրութ,
18 ապրիլ 1949
Քննական
Յանձնախումբ` Վարդան Գնդունի, Աշոտ Գասարճեան

Միսաք Ազիրեան` «Սիս մատեան»-ի հրատարակութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ
Միսաք Ազիրեան` «Սիս մատեան»-ի հրատարակութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ

Գալով գիրքի ծրագիրի նիւթական մտահոգութեան, ապա Միացեալ Նահանգներու սրտցաւ հայրենակիցներէն տոքթ. Մանասէ Սեւակ` Ամերիկայի գիտական կաճառի անդամ, Յարութիւն եւ Գեղամ Կէօքճեան եւ Յակոբ Աջապահեան, մղուած այսպիսի գործի մը ներկայացուցած անհրաժեշտութենէն, տոքթ. Սեւակին միջոցով կ՛առաջարկեն սկսիլ գործի` նիւթականի ապահովութիւնը ձգելով իրենց. նոյնպէս նիւթական իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Սիս մատեան»-ի հրատարակութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, ազգային բարերար Միսաք Ազիրեանը, որուն, մանկապատանեկան տարիներուս, պատիւն ունեցած եմ ծանօթանալու, ձեռքը համբուրելու ու իր օրհնութիւնը ստանալու:

Կիլիկիան կազմուած է 5 գաւառներէ` Ատանա, Մերսին, Ճեպել Պերեքեթ, Գոզան «Սիս» եւ Իչիլ: Սիսի սահմանները եղած են հիւսիսէն` Վահկա եւ Հաճըն, հարաւէն` Անարզաբա, արեւելքէն` Կարս Պազար, իսկ արեւմուտքէն` Տաւրոս: Մայրաքաղաքը` Սիս կերտուած է այնպիսի դիրքի մը վրայ, ուր վերջ կը գտնէ դաշտային Կիլիկիան ու կը սկսի լեռնայինը: Վայրը եղած է եզական ու ռազմականօրէն ամուր: Սիս եղած է Արեւելքի ու Արեւմուտքի քաղաքակրթութեան գերագոյն շաղկապը եւ զանազան եկեղեցիներու կեդրոնը: Սիս իբրեւ ընդհանրական կաթողիկոսութեան աթոռ ծառայած է երկար տարիներ` 1293-էն մինչեւ 1441 թուական: Գրիգոր Մուսաբէկեան կաթողիկոսը մերժելով Էջմիածին երթալ եւ հոն գահակալել` շարունակած է Սիս մնալ. իրեն յաջորդած են 40 կաթողիկոսներ` 1440-էն մինչեւ 1945 թուական:

«Սիս մատեան»-ը` այս ծաւալուն ու բազմաբնոյթ հատորը, կարելի չէ ներկայացնել քանի մը յօդուածներու միջոցով. եթէ կարելիութիւնը ընծայուի, կը փորձենք պարբերաբար, քանի մը յօդուածներով ներկայացնել, 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, ներկայացնելով պատմական հատուածներ, ինչպէս օրինակ` դրուագներ Սիսի թագաւորութիւններէն, Սիսի կաթողիկոսութիւններէն ու ազգային կրօնական տօներէն, նաեւ` զանազան այլ դրուագներ եւ պատմական դէմքեր, նկատելով, որ այս հսկայ հատորն ալ դեր կը կատարէ` ներկայացնելու Հայոց ցեղասպանութիւնը` Սիսի պատմութեան ճամբով:

Այս թիւով կը ներկայացնենք երկու հակիրճ հետաքրքրական հատուածներ, գաղափար մը տալու համար Սիսի ու սիսեցիի հայկական սովորութիւններուն մասին:

«ՍԻՍԵՑԻ ԱՂՋԻԿԸ».- Թրքական դարաւոր զուլումներու եւ շփումներու ազդեցութեամբ, սիսեցի աղջիկը մասամբ կորսնցուցած է իր հայրենի յատկութիւնները, սակայն պապենական աւանդութիւններու, եկեղեցւոյ ու կրօնին հանդէպ անեղծ մնացած են իր բարեպաշտիկ զգացումները:

Իբրեւ աղջիկ` ան զրկուած էր վայելելէ դպրոցական կեանքը մինչեւ ութսունական թուականներ, իսկ «Արարատեան» եւ «Կիլիկեան» դպրոցասէր միութիւնները, 1880-ին ձուլուելով ու «Միացեալ ընկերութիւն» անունով ասպարէզ գալէ ետք, ուսման առաջին ճաճանչները կը փայլին Սիսի մէջ: Սիսեցի աղջիկը մանկութեան շրջանին պարտաւոր էր օգնելու իր մօրը` լուացքի, կարի, կերակուրներու պատրաստութեան, լաւաշ հաց թխելու, կով կթելու եւ այլ անհրաժեշտ գործերու մէջ, իսկ անվարժ աղջիկները կ՛արհամարհուէին: Այս պատճառով ալ սիսեցի մայրը կը ջանար տանտիկին աղջիկներ պատրաստել` անտեսելով մտաւոր զարգացումը: «Աղջիկը դպրոցը ի՞նչ պիտի ընէ, վարժապե՞տ մը պիտի ըլլայ» բացատրութիւնը կը յատկանշէր մտաւորական շարժման հանդէպ սիսեցի կնոջ ունեցած տխուր մտայնութիւնը: Աղջիկը պարտաւոր էր հագնելու մանչերու նման կօշիկներ, անճիւղ շրջազգեստ` եւրոպական տպածոյէ կամ տեղական մանուածոյէ ներքնոցով մը. գուլպայի գործածութիւնը հազուադէպ էր. անոնք, որոնք կը փափաքէին, իրենց ձեռքով կը հիւսէին, բամպակէ կամ բուրդէ, միայն ձմրան համար: Օղի գործածութիւնը պարտաւորիչ ըլլալով` ամէն աղջիկ պէտք էր ծակուած ականջներ ունենար. մանկաբարձները, փոքրիկներու ծնած օրն իսկ, նորածինի երկու ականջներուն բլթակները ծեծուած սխտորով լաւ մը շփելէ ու թմրեցնելէ ետք ասեղով մը կը ծակէին ու կ՛անցընէին դերձանէ օղակ մը, մինչեւ որ վէրքը սպիանար ու անոր յաջորդէր օղը:

Սիսի համայնապատկերը
Սիսի համայնապատկերը

«ՆՈՐ ՏԱՐԻ կամ ԿԱՂԸՆՏԵՍ».- Նոր տարուան առիթով պարտաւորիչ էր ունենալ նոր հագուստ-կապուստ: Վարժարաններն ու շուկան կը փակուէին, փոքրիկները մեծ ոգեւորութեամբ կը համբուրէին մեծերու ձեռքերը եւ կը ստանային նուէրներ ու օրհնութիւններ: Դպրոցական աշակերտները, զիրար գերազանցելու համար, իրենց ուսուցիչներուն գուլպայ, թաշկինակ, անուշեղէններ եւ պտուղներ կը նուիրէին` իբրեւ կաղանդչէք: Աշակերտական Կաղընտեսի կարճ խրատական քանի մը խօսքեր` ուսուցիչներուն կողմէ, ապա ձեւակերպութիւններէ ետք կը սկսէր արձակուրդը: Նախորդ գիշեր մանուկներու անվերջ շարանները օդը կը թնդացնէին իրենց Կաղընտեսի երգերով, որոնք, դժբախտաբար, զուրկ էին հայկական դրոշմէ, այլ անպաճոյճ կերպով թրքերէն տղայական արտայայտութիւններ էին: Ամէն խումբ կ՛ունենար իր ջահակիրը, որ իր ձեռքին լապտերով մը կամ ի հարկին` եղեւնափայտով, կը կատարէր ուղեցոյցի դերը, իսկ գանձապահը տոպրակի մը մէջ կը լեցնէր տրուած նուէրները, որոնք կը բաժնուէին թաղի շրջանը լրացնելէ ետք: Եկեղեցի երթալը պարտաւորիչ էր այն հաւատքով, որ Նոր տարուան առաջին օրը կրօնասէր, ծնողասէր եւ բարի եղող մը նոյն ընթացքը պիտի ունենար ամբողջ տարուան ընթացքին: Միեւնոյն հաւատքով, սովորութիւն եղած էր Նոր տարուան առաջին եւ յաջորդ գիշերը լուսցնել բախտախաղով` բախտ փորձելու համար:

 

 

 

Նախորդը

Արարատին

Յաջորդը

Վարդանանց Նուիրուած Հանդիսութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?