Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի ՀՅԴ-ի Եւ Ազատ Հայրենիքի Ներկայացուցիչները Կողմ Են Ազգային Ժողովի Հարիւր Առ Հարիւր Համամասնական Ընտրակարգի Տարբերակին

Փետրուար 25, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դաւիթ Իշխանեան
Դաւիթ Իշխանեան

3 մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց մասնակցելու համար դիմումները կ՛ընդունուին 9 մարտէն մինչեւ 19 մարտը ներառեալ: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան:

«Ընտրութիւններուն մասնակցելու համար արձանագրութիւնները կ՛երկարին մինչեւ 29 մարտ: Քարոզարշաւը տեղի կ՛ունենայ 30 մարտէն մինչեւ 1 մայիս ` ժամը 24:00-ին», ըսած է Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին նախագահը` աւելցնելով նաեւ, որ բնականաբար այս պահուն չեն կրնար ըսել, թէ ո՛ր կուսակցութիւնները կը մասնակցին:

Tert.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, սակայն, կուսակցութիւններէն երկուքին  ներկայացուցիչները հաստատած են իրենց հետագայ մասնակցութիւնը:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան ըսած է, որ իբրեւ  քաղաքական ուժ անպայման պիտի մասնակցին խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

«Մենք կ՛ունենանք ընդհանուր քննարկումներ, որոնցմէ ետք կը ներկայացնենք մեր թէ՛ համամասնական, թէ՛ մեծամասնական մասնակցութիւնը», ըսած է Դաւիթ Իշխանեան:

Ըստ անոր, վերջին 7-8 տարիներուն ընթացքին Արցախի մէջ տեղի ունեցող համապետական ընտրութիւններուն բաւական դրական տեղաշարժեր, միտումներ արձանագրուած են. ժողովրդական սկզբունքներու արմատաւորում, մասնակցութեան տոկոսի բարձրացում եւ վարչական աղբիւրներու միջամտութեան կտրուկ նուազում:

«Այդ բոլորը դրական տեղաշարժեր են, որոնց գնահատականը նաեւ տուած են դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներ: Այս առումով ակնկալութիւնները դրական պիտի ըլլան, եւ ամէն ինչ կը կատարուի, յատկապէս վերջերս ընտրական օրէնսգիրքին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները դրական յոյսեր կը ներշնչեն համամասնական եւ մեծամասնական մասնաբաժիններու փոփոխութեան առումով», ըսած է ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը:

«Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցը հարիւր առ հարիւր  համամասնական ընտրակարգի տարբերակին կողմնակից է, եւ թէեւ մեր տեսակէտն ու մեր առաջարկը չընդունուեցաւ, այդուհանդերձ, յառաջընթացը փաստ է, կը կարծեմ, որ միտումները դրական են», նկատած է Դաւիթ Իշխանեան:

Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Ազատ հայրենիք կուսակցութեան անդամ Գագիկ Պետրոսեանն ալ ըսած է, որ Ազատ հայրենիք կուսակցութիւնը աշխուժ մասնակցութիւն պիտի ունենայ: «Իբրեւ Արցախի յառաջատար քաղաքական ուժ, բնականաբար, մենք պիտի ձգտինք պահել մեր դիրքը»,ըսած է պատգամաւորը:

Ինչպէս ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը, այնպէս ալ Գագիկ Պետրոսեան նշած է, որ 2000 թուականէն մինչեւ այսօր Արցախի մէջ չէ եղած ընտրութիւն մը, որ կարելի է կասկածի տակ դնել:

«Ասոնք միայն իմ խօսքերս չեն, այլ նաեւ եւրոպական միջազգային կազմակերպութիւններու, դէտերու, որոնք բազմիցս յայտարարած են, որ Արցախի ընտրութիւնները շրջանին մէջ  ամէնէն ժողովրդավարն են», ըսած է ան:

Նշենք, որ ըստ փոփոխութիւններու, 2015 թուականի Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ համամասնական ընտրակարգին տրուած է 22 տեղ, 11-ը` մեծամասնական: Ներկայիս  համամասնական ընտրակարգով 17, մեծամասնականով` 16 պատգամաւորական աթոռներ կան:

 

 

 

Նախորդը

Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան Պատգամաւորներ Հանդիպած Են Վարչապետին Հետ

Յաջորդը

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչին Հանդիպումները Բրիտանիոյ Մէջ

RelatedPosts

Արմէն Ռուստամեան. «Արցախի Մէջ Հայերու  Պաշտպանութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Միջազգային  Ուշադրութեան Կեդրոնին Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Արմէն Ռուստամեան. «Արցախի Մէջ Հայերու Պաշտպանութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Միջազգային Ուշադրութեան Կեդրոնին Մէջ»

Մարտ 29, 2023
Փաթել. «Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Շրջանի Մէջ  Վստահութեան Ամրապնդման Եւ Երեւանի Ու  Պաքուի Միջեւ Երկխօսութեան Նպաստող Ջանքերը»
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Ազրպէյճանի Զինուորներու Տեղաշարժերուն Նկատմամբ

Մարտ 29, 2023
Ռուսիան Խիստ Զգուշացում  Կ՛ուղղէ Հայաստանին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիան Խիստ Զգուշացում Կ՛ուղղէ Հայաստանին

Մարտ 29, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In