Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատը Հարուած Մը Հասցուց Թուրքիոյ Ի Նպաստ Լոպիական Աշխատանք Տանող Հիմնարկին

February 25, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռիչըրտ Կեփհարթ
Ռիչըրտ Կեփհարթ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը քաջալերական կը գտնէ այն տեղեկութիւնը, թէ Լոս Անճելըսի «Համաշխարհային օդակայաններ» ընկերութիւնը որոշած է խզել Թուրքիոյ ի նպաստ լոպիական աշխատանք տանող կառավարական յարաբերութեանց «Կեփհարթ» հիմնարկին հետ յարաբերութիւնները` չեղեալ նկատելով անոր հետ կնքած 845 հազար տոլարնոց համաձայնագիրը:

Հիմնարկի հիմնադիրն է Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատական մեծամասնութեան նախկին պետ Ռիչըրտ Կեփհարթ, որ դարձած է Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման գործիք մը` Թուրքիոյ իշխանութեանց ձեռքին: Այս պատճառվ, Հայ դատի յանձնախումբը անցեալ տարի կոչ ուղղած էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիին, որ խզէ քաղաքին ու Կեփհարթի հիմնարկին միջեւ կապերը:

Նշենք, որ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի հովանիին տակ գործող Լոս Անճելըսի «Համաշխարհային օդակայաններ» ընկերութեան վարչութեան եօթը անդամներէն վեցը անցեալ տարի նշանակուած էին քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիի կողմէ, իսկ անոնց նշանակումը վաւերացուած էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան կը նշէ, որ Ներկայացուցիչներու տան անդամ եղած տարիներուն, Կեփհարթ աշխատանք տարած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերու վաւերացումի ապահովման ի նպաստ, սակայն Քոնկրեսէն հեռանալէն ետք, ան մեծ գումարներ ստացած է Թուրքիոյ իշխանութիւններէն` ուրացման գործիք մը դառնալով: Յովսէփեան ողջունած է Կեփհարթի հիմնարկին հետ կապերը խզելու «Համաշխարհային օդակայաններ» ընկերութեան եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի որոշումը:

Կեփհարթի հիմնարկին դէմ աշխատանքը մաս կը կազմէ Թուրքիոյ ի նպաստ լոպիական աշխատանք տանող շարք մը այլ հիմնարկներու դէմ սկսած Հայ դատի «#FireDeniers» արշաւին: Այս նպատակով, հարիւրաւոր հիմնարկներու եւ ընկերութեանց նամակներ յղուած են` պահանջելով անոնցմէ, որ կապերը խզեն Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման համար աշխատանք տանող լոպիական հիմնարկներուն հետ:

 

Նախորդը

«Պէտք Չէ Համոզուիլ, Որ Նախագահական Ընտրութիւնը Կարելի Է Փոխարինել Կառավարութեան Աշխատանքը Խոչընդոտելով» Շեշտեց Թամմամ Սալամ

Յաջորդը

Տաւութօղլուին Հայերէնով Հարցապնդում Ներկայացուած Է

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.