Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց 2001-2002-ի ծնունդ տարիքային ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 22 փետրուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Ժամհուրի դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ` Նաքքաշ: