
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր Պիպլոս Ժիպէյլի մէջ կը հիւրընկալէ Ռիատին: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 17:00-ին:
Ինչ կը վերաբերի վաղը տեղի ունենալիք մրցումին, Ղազիրի դաշտին վրայ երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Սաժես կը հիւրընկալէ Մութթահետը:
Այս հանգրուանին վերջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 23 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ Հուփս հիւրը պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ-ի:
Նշենք, որ երէկ սկսաւ դարձի 6-րդ հանգրուանը, երբ Շանվիլ հիւրընկալեց Թատամոնը: Հիւրընկալ կազմը 89-74 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին: