Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարի նախորդ շաբաթավերջին, իր կատարած մէկ արարքին համար խիստ քննադատութեան ենթարկուեցաւ եւ անոր կատարածը նկատուեցաւ ոչ արհեստավարժ մարզիչի մը արարք` նկատի ունենալով, որ նախքան իրաւարարին մրցումին աւարտը յայտարարելը, հեռացաւ դաշտէն:
Մինչ անոր կազմը` Կրեմիօ, 1-0 արդիւնքով կը պարտուէր դասաւորման վարին դիրքերը գրաւող Վերանոփոլիսէն, ան դաշտէն հեռանալով ուղղուեցաւ հանդերձարան, մինչ մրցումին աւարտին մնացած էր 4 վայրկեան:
Նշենք, որ այսպիսով վերջին չորս մրցումներուն Կրեմիօ կրեց իր երրորդ պարտութիւնը:
Ինչպէս ծանօթ է, 2014-ի Մոնտիալին, Սքոլարիի` Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը եղած միջոցին, նշեալ խումբը 7-1 արդիւնքով ամօթալի պարտութիւն մը կրած էր Գերմանիայէն: