Անթալիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Փիւնիկին միացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան, կը յայտնէ ArmSport.am:
25 տարեկան ֆութպոլիստը իր մասնակցութիւնը բերաւ Քուպան Քրասնոտարի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին, որ աւարտեցաւ հայկական խումբին պարտութեամբ` 3-0 արդիւնքով:
Ըստ Փիւնիկի կայքին, շատ հաւանաբար Թուրքիայէն վերադառնալէ ետք Հայրապետեան պայմանագրութիւն մը ստորագրէ:
Նշենք, որ նախորդ յունուարին Հայրապետեան իր պայմանագրութիւնը պաշտօնապէս խզեց չեխական Փրիպրամի հետ, որմէ ետք սկսաւ իր փորձերը կատարել առանձին: