Միջազգային լրատուամիջոցներուն, որոնց կարգին «Թութթոմերքաթօ» կայքին համաձայն, Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին այժմու մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ շատ հաւանաբար գլխաւորէ Ռէալ Մատրիտը:
Նկատի ունենալով, որ արքայական ակումբին մարզիչին Քարլօ Անչելոթթիի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2016-ին, կը խօսուի Լոյեւի անունին շուրջ, մանաւանդ որ ան Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութենէն ետք լքէ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Ռէալ Մատրիտ փորձի համար Սպանիա պիտի հրաւիրէ Լոյեւը` աւելի մօտէն ծանօթանալու համար անոր կարողութիւններուն: