Երեւանի քաղաքապետարանը արձագանգած է 20 փետրուարին Ազատութեան հրապարակին վրայ հանրահաւաք կազմակերպելու մասին եռեակի նախաձեռնութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, «Համաձայն «Հաւաքներու ազատութեան մասին» օրէնքի 26-րդ յօդուածի 2-րդ մասի, արտակարգ է այն հաւաքը, որ կը կազմակերպուի եւ տեղի կ՛ունենայ որեւէ իրադարձութեան հրատապօրէն արձագանգելու նպատակով եւ այդ նպատակին կարելի չէ հասնիլ իրազեկում ներկայացնելու ժամկէտի պահպանման պարագային: Մինչդեռ գրութեան բովանդակութենէն ի յայտ կու գայ, որ հաւաքը պիտի կազմակերպուի Հանրապետութեան նախագահի 12 փետրուարի ելոյթին արձագանգելու նպատակով»:
Քաղաքապետարանը նշած է, որ գրութեան մէջ նշուած իրադարձութեան ութ օր անց արձագանգելու անհրաժեշտութիւնը կարելի չէ մեկնաբանել իբրեւ արտակարգ հաւաք կազմակերպելու հիմք, հետեւաբար, «քաղաքապետին ներկայացուած գրութիւնը չի համապատասխաներ «Հաւաքներու ազատութեան մասին» Հայաստանի օրէնքի 26-րդ եւ 27-րդ յօդուածներու պահանջներուն եւ կարելի չէ նկատել իբրեւ տեղեկացում արտակարգ հաւաքի մասին»:


