Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրապետական Կուսակցութիւն-Բարգաւաճ Հայաստան Տագնապի Խորապատկերին Վրայ. Ոչ Իշխանական Երեք Ուժերու Ղեկավարները Որոշեցին 20 Փետրուարին Արտակարգ Հանրահաւաք Կազմակերպել

February 16, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

21515_dzarՈչ իշխանական երեք ուժերը` Բարգաւաճ Հայաստան, Ժառանգութիւն եւ Հայ ազգային քոնկրես կուսակցութիւնները որոշած են յառաջիկայ ուրբաթ, 20 փետրուարին, Ազատութեան հրապարակին վրայ  հանրահաւաք կազմակերպել: Այս մասին յայտնի դարձաւ կուսակցութիւններու առաջնորդներուն` երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք:

Եռեակի հրապարակած միասնական յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Գագիկ Ծառուկեանի, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հանդիպումը տեղի ունեցած է պատուիրակութիւններու  ընդլայնուած կազմերով, քննարկուած է Հայաստանի մէջ ստեղծուած «ներքաղաքական արտակարգ իրավիճակը»: Վկայակոչելով «Հաւաքներու ազատութեան մասին» օրէնքը` քաղաքական երեք ուժերը ծրագրուած հանրահաւաքը բնորոշած են «արտակարգ համազգային հաւաք», որուն նպատակն է  քաղաքացիներուն հետ միասին որոշում տալ եւ հանգուցալուծել ստեղծուած իրավիճակը: Նշենք, որ ըստ այս օրէնքին, արտակարգ հաւաքները իրազեկում չեն պահանջեր:

Խօսելով Սերժ Սարգսեանի ելոյթին մասին` Գագիկ Ծառուկեանի կուսակիցները յայտարարած են, որ եռեակը հանրահաւաքային ալիք պէտք է սկսի` անյապաղ իշխանափոխութեան հասնելու համար: Իշխող Հանրապետական կուսակցութեան նիստէն ետք երեք կուսակցութիւնները առաջին անգամ նիստ գումարեցին: Սերժ Սարգսեանի գնահատականներուն վերաբերեալ միասնական դիրքորոշում պիտի ներկայացուի ուրբաթօրեայ հանրահաւաքին ընթացքին:

Վարչապետը Յանձնարարեց Ստուգել Ծառուկեանի
Չմուծուած Հարկերու Մասին Լուրերը

Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի յանձնարարութեամբ, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան նամակ ուղարկած է ելեւմուտքի նախարար Գագիկ Խաչատրեանին` ստուգելու Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար, մեծահարուստ գործարար Գագիկ Ծառուկեանի` բարեգործական գործունէութեամբ քողարկուած չմուծուած հարկերու  մասին լուրերու իսկութիւնը: Այդ մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ վարչապետի մամլոյ  քարտուղար Գոհար Պօղոսեան:

Ծառուկեան Ազատ Կացուցուեցաւ
Մարմնակրթութեան Հիմնարկի Խորհուրդի
Նախագահի Պաշտօնէն

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի որոշումով Բարգաւաճ Հայաստան  կուսակցութեան ղեկավար, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան ազատ կացուցուեցաւ մարմնակրթութեան հայկական պետական հիմնարկի խորհուրդի նախագահի պաշտօնէն: Անոր այդ պաշտօնին պիտի փոխարինէ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Արսէն Քարամեան:

Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց վարչապետի մամլոյ բանբեր Գոհար Պօղոսեան` առանց մանրամասնելու որոշումին պատճառները:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են ԵԱՀԿ-ի Գրասենեակի Ղեկավարին Հետ

Յաջորդը

Գեւգէօզեան Կերտեց Ալիանսայի Յաղթանակը

RelatedPosts

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան  Եւ Վերադարձան Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

January 15, 2026
«Թեհրանի Մէջ Կը Ձեւաւորուի Պատկերացում,  Թէ Հայաստան Կը Դառնայ Իրանի Դէմ Թշնամաբար  Տրամադրուած Ուժերու Կեդրոն»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
Հայկական

«Թեհրանի Մէջ Կը Ձեւաւորուի Պատկերացում, Թէ Հայաստան Կը Դառնայ Իրանի Դէմ Թշնամաբար Տրամադրուած Ուժերու Կեդրոն» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

January 15, 2026
Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի «Ալիջան» Սահմանային  Անցակէտին Վրայ Աշխատանքները  90 Առ Հարիւրով Աւարտած Են
Հայկական

Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի «Ալիջան» Սահմանային Անցակէտին Վրայ Աշխատանքները 90 Առ Հարիւրով Աւարտած Են

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.