Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ողջունեց ՀԱՊԿ-ի Խորհուրդի Ժողովի Գումարումը Երեւանի Մէջ

February 6, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

20515_habgՆախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան եւ Ռուսիոյ ներգաղթի ծառայութեան ղեկավար Քոնսթանթին Ռոմոտանովսքին, որոնք Հայաստան կը գտնուին  մասնակցելու ապօրինի ներգաղթի դէմ պայքարի հարցերով ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու իրաւասու մարմիններու ղեկավարներու  համակարգող խորհուրդի նիստին:

Սարգսեան ողջունած է նիստին կազմակերպումը Երեւանի մէջ, կարեւոր նկատած է օրակարգի ծիրին մէջ  նախատեսուած հարցերու միացեալ քննարկումը եւ  ապօրինի ներգաղթի դէմ պայքարին մէջ  միասնաբար արդիւնաւէտ միջոցներ գտնելը:

Հիւրերը ներկայացուցած են երեւանեան նիստի քննարկման արդիւնքները, նշելով, որ օրակարգը բաւական յագեցած եղած է եւ քննարկուող հարցերը ներառած են նաեւ նոր իրավիճակին մէջ  Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցելէն ետք յիշեալ խնդիրներու լուծման կարելիութիւնները:

Հայաստանի նախագահը եւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր  քարտուղարը քննարկած են նաեւ 2014 թուականի  դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին տրուած որոշումներու իրագործման ընթացքը: Հանդիպումին ընթացքին  Նիքոլայ Պորտիւժան Հանրապետութեան նախագահին զեկուցած է Կազմակերպութեան ընթացիկ գործունէութեան, համագործակցութեան ծիրին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն, ՀԱՊԿ-ի միացեալ հրամանատարութեան ընթացիկ գործունէութեան, կանոնադրական մարմիններու յառաջիկայ նիստերու նախապատրաստական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Կազմակերպութեան կովկասեան շրջանին մէջ  անվտանգութեան ապահովման կապուած հարցեր:

ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա երէկ նաեւ տեսակցած է  Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի 2014 թուականի դեկտեմբերեան գերաստիճանի որոշումներու իրականացման հարցերը, ուղղուած ՀԱՊԿ-ի ռազմական բաղադրիչի հետագայ զարգացման, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ  շրջանային անվտանգութեան առնչուող խնդիրներ:

Յատուկ ուշադրութեան արժանացած են 2015 թուականին ՀԱՊԿ-ի շրջանակներուն մէջ ծրագրուած ձեռնարկներու կազմակերպման խնդիրները, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունենալիք ՀԱՊԿ-ի հաւաքական խաղաղապահ ուժերու «Անսասան եղբայրութիւն-2015» միացեալ զօրավարժութեան եւ  խաղաղապահութեան յատկացուած  ռազմավարական քաղաքական խորհրդաժողովի պատրաստութեան ընթացքը:

 

Նախորդը

Ռուստամեան. «Հանրութիւնը Պէտք Է Գիտնայ, Որ ՀՅԴ-ն Միշտ Իր Կողքին Է»

Յաջորդը

Մեզանից Է Կախուած Մեր Տեսլականների Իրագործումը

RelatedPosts

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը  Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Նախապայման Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը
Հայկական

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նախապայման Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը

November 13, 2026
Մաթվիենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու  Պարագային Հայաստան  Շատ Բան Պիտի Կորսնցնէ»
Հայկական

Մաթվիենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու Պարագային Հայաստան Շատ Բան Պիտի Կորսնցնէ»

November 13, 2026
Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.