
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիա պիտի չմասնակցի 24 ապրիլին Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100¬ամեակի ոգեկոչման արարողութիւններուն:
«Որքան ես տեղեակ եմ, թրքական կողմէն մասնակցութիւն պիտի չըլլայ», ըսած է Պիլկիչ: