Լսած էի Իսկէնեան ընտանիքին եւ անոնց շնորհալի զաւակներուն մասին, թէ նուիրուած են երաժշտութեան, շարունակած են իրենց երաժշտական ուսումը, Պէյրութի մէջ, հետեւելով Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսման:
Շանթ, Լեւոն եւ Թամար, երիտասարդ քոյր եղբայրներ: Շանթը արդէն փնտռուած ջութակահար է: Հայաստանի Կոմիտասի անուան-երաժշտանոցին մէջ ստանալէ ետք իր բարձրագոյն ուսումը, կ՛անցնի Զուիցերիա, ապա` Իտալիա, մասնագիտական բարձունք նուաճելու համար:
Թամար Իսկէնեան նոյնպէս Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտուհի, շուի նուագելու դասընթացքի հետեւած է Զաքար Քէշիշեանի տուտուկահար եւ երգչախումբի ղեկավարին քով, ապա Լիբանանի մէջ մրցանակ շահելով` կ՛անցնի Զուիցերիա, ուր կը նուաճէ որոշ մակարդակ, իր սրնգահարի մասնագիտութեամբ:
Շանթ եւ Թամար, ըլլալով ազգասէր եւ հայրենասէր, նաեւ` մշակութասէր ընտանիքի զաւակներ, չեն մոռցած իրենց հայկական արմատները, կը խօսին մաքուր արեւմտահայերէն, որուն մէջ ոչ մէկ օտար բառ կը ներմուծեն: Իրենց հարցազրոյցը ունկնդրեցի «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն` Հուրի Էմմիեանի հետ կատարուած: Պարզապէս հիացայ քոյր-եղբօր հայերէնի արտայայտութեան: Անսխալ լեզու մը, որ պատճառ դարձաւ զիրենք հրաւիրելու «Ազդակ»ի խմբագրատունը, ուր կարճատեւ զրոյց մը ունեցանք:
– Ո՞ւր սորված էք, կամ ո՞ր դպրոցը յաճախած էք,- հարցումիս Թամար պատասխանեց.
– Ազգային Կիլիկեան վարժարան յաճախած եմ, ապա անցած եմ Շամլեան-Թաթիկեան, ապա շրջանաւարտ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն:
Այս մասին Շանթ կ՛ըսէ.
– Ես ամէն օր «Նարեկ» կը կարդամ: Նարեկացին շատ կը հետաքրքրէ զիս: Մեծ փափաք ունիմ սորվելու մեր գրաբար լեզուն: «Նարեկ» կը կարդամ գրաբար եւ աշխարհաբար լեզուներով: Ըսեմ նաեւ, որ Նարեկացին սիրելս թերեւս ժառանգած եմ մեծ հօրմէս, որ նարեկագէտ մը եղած է: Պէտք է պահենք մեր արժէքները: Առիթներ ունեցած եմ հայկական շարականները ներկայացնելու օտարազգի երաժշտասէրներուն, երբ բեմ բարձրանամ ջութակով եւ հին ու դասական երաժշտութիւն նուագեմ: Օտարներ հիացումով կը լսեն մեր շարականները զորս գրեթէ չեն լսած: Պէտք է մեր բարձր արուեստը ծանօթացնենք միջազգային երաժշտական մշակոյթի միջազգային մրցանքներու: Հարիւրաւոր մասնակիցներու մէջ շահած եմ մրցանակներ:
Մօտ օրէն Թամար իր շուիով պիտի ընկերանայ եւրոպական համաբաւաւոր նուագախումբի մը` երթալու համար Չինաստան, Սպանիա, Քորէա, Զուիցերիա, Աւստրիա եւ Գերմանիա մէկ ամիս տեւող երաժշտական ծրագրով:
Շանթ մօտ օրէն պիտի մեկնի Իտալիա` հոն մասնագիտանալու ջութակի արուեստին մէջ: Լեւոն Իսկենեան կը շարունակէ իր աշխատանքները եւ դաշնակահարի արուեստով կը փայլի Հայաստանի մէջ:
Լեւոն, Շանթ եւ Թամար պարբերաբար կը կազմակերպեն եւ կը հրաւիրուին թրիօ նուագահանդէս կատարելու:
Մեր շատ երիտասարդ երաժիշտները ամենայն ուրախութեամբ կը յիշեն իրենց ծնողները, որոնք գնահատելով իրենց զաւակներուն տաղանդը` զանոնք ղրկած են Եւրոպա եւ Հայաստան, մասնագիտանալու: Իսկէնեան ընտանիքին երեք տաղանդաւոր զաւակները պիտի շարունակեն փայլիլ միջազգային բեմերու վրայ: Կը յուսանք, որ օր մը զիրենք կը լսենք նաեւ իրենց ծննդավայր Լիբանանի մեր բեմերէն:
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ


