Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐԸ` ՕԳՈՍՏՈՍ 13-21. ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԿՈՄԻՏԷԻ ԱՆԴԱՄ ՊԵՐՃ ՀԱԼԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

August 1, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս Երեւանի մէջ կայացաւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի խորհրդակցութիւնը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ: Քննարկուեցան օգոստոս 13-21, Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական 5-րդ խաղերու կազմակերպման նախապատրաստական աշխատանքները: Այս մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու համար կը հրատարակենք. կոմիտէի անդամ Պերճ Հալաճեանի հետ կայացած հարցազրոյցը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Արդէն ընթացքի մէջ են Համահայկական 5-րդ խաղերու նախապատրաստական աշխատանքները: Ի՞նչ կը ծրագրուի այս տարուան համար:

ՊԵՐՃ ՀԱԼԱՃԵԱՆ.- Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն 5-րդ խաղերու ծրագրաւորման վերջին հանգրուանին անցած է արդէն: Կայացաւ Հայաստանի նախագահի եւ կազմակերպիչ կոմիտէի միջեւ հանդիպումը, ուր անգամ մը եւս շեշտուեցաւ հայութեան ընդհանուր ներուժը օգտագործելու եւ ջանքերը միաւորելու անհրաժեշտութեան մասին:

Այս տարի պիտի իրագործուի 12 մարզաձեւ (աթլեթիզմ, ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլէյ-պոլ, լող, թենիս, սեղանի թենիս, ճատրակ, սրահի ֆութպոլ եւ նոր յաւելուած` պիչ-վոլէյ եւ պրա տէ ֆեր): Ինչպէս ծանօթ է, Համահայկական խաղերը ամէն չորս տարի կը կազմակերպուին: 2003-ին կայացած 3-րդ համահայկական խաղերէն ետք որոշուեցաւ, որ երկու տարին անգամ մը յաւելեալ խաղեր կազմակերպենք` միմիայն ֆութպոլ եւ պասքեթպոլ ներառելով, որ ամէնէն նախընտրուած մարզաձեւերն են:

Մեր վերջին ժողովին ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ երկու տարին անգամ մը ձմեռնային մարզախաղերու կայացման ծրագիրը: Կ՛ուզենք, որ ձմեռնային մարզաձեւերն ալ տեղ գտնեն համաշխարհային համահայկական խաղերու ծրագրին մէջ:

Հ.- Այն փորձառութիւնը որ մինչեւ հիմա ունեցած էք նախորդ 4 համահայկական խաղերու կազմակերպումէն, ինչպիսի՞ հարցեր ի յայտ բերած է:

Պ. Հ.- Փորձառութիւնս ցոյց տուած է, թէ սփիւռք-հայրենիք տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւններու շարքին, որոնք զանազան բնագաւառներէ ներս կազմակերպուած են տարիներու ընթացքին,  մարզական այս միջոցառումը իսկապէս յաջողած է:

1999-ին Ա. Համահայկական խաղերուն ժամանակ, ունեցանք 23 երկիրներէ (62 քաղաքներէ) ժամանած մօտ 1700 մարզիկներու մասնակցութիւն: Այն ժամանակ միայն եօթը մարզաձեւեր կային:

Այսօր 5-րդ Համահայկական խաղերու կազմակերպման առիթով կը նախատեսուի 4.000 մարզիկներու մասնակցութիւնը:

3-րդ խաղերէն ետք ԱՊՀ երկիրներէն մեծ թիւով մասնակցութիւններ ունեցանք. նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու քաղաքներու հայ բնակչութիւնը փափաք ունէր մասնակցելու խաղերուն: Մարզիկներու, շատ մեծ թիւ մը կայ մարզիկներու, որոնք այդ երկիրներէն կու գան եւ կը մասնակցին խաղերուն:

Անցեալ ամիս, որ մեր կոմիտէի գրասենեակն էի եւ մօտէն կը հետեւէի կազմակերպական աշխատանքին, արդէն մեծ թիւ մը կար քաղաքներու, որոնք մասնակցութեան դիմում ներկայացուցած էին: Անուններ, որոնք մենք նոյնիսկ լսած չենք:

Իւրաքանչիւր մարզիկի մասնակցութեան համար նախապայման է, որ հայրը կամ մայրը հայ ըլլայ: Պէտք է ներկայացուի ծննդեան վկայական:

Հ.- Ինչպէ՞ս են մարզադաշտերու յարմարութիւնները եւ ո՞ր քաղաքներուն մէջ կը կայանան մարզախաղերը:

Պ. Հ.- Արդէն 4-րդ խաղերէն սկսեալ` այլ քաղաքներ եւս ներառուեցան, Երեւանին կողքին: Աբովեան, Վանայ ձոր, եւ այլն: Դաշտերու վիճակը մեծ մասով բարելաւուած է: Նախապէս անպատրաստ ու անբաւարար վիճակի մէջ էին դաշտերը: Բայց այսօրուան դրութեամբ բոլորովին այլ պատկեր մը կը ներկայանայ` արդիական մարզադաշտերով եւ յարակից կառոյցներով:

Հ.- Ինչպէ՞ս սկիզբ առաւ այս գաղափարը:

Պ. Հ.- Աշոտ Մելիք Շահնազարեանի միտքն էր, որ խորհրդային տարիներուն դեսպանի տիտղոս ունէր ափրիկեան երկիրներուն մէջ: Ան նկատած էր, թէ համահայկական առումով շարժում չկար, որուն շնորհին մէկտեղուէին մարզական աշխարհի բոլոր ներկայացուցիչները: Շարժումը ստեղծուեցաւ, սկիզբը միայն Հայաստանով եւ Արցախով: Ապա ԱՊՀ երկիրներու մէջ ապրող հայերը հետզհետէ միացան` աղուոր խումբեր մէջտեղ բերելով եւ զօրացնելով շարժումը, որ ընդարձակուեցաւ սփիւռքի մէջ ապրող հայերու ներառումով եւս:

Հ.- Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, 1999-էն մինչեւ 2011, ահաւասիկ 5-րդ խաղերն են, որ կը կազմակերպենք: Եւ իւրաքանչիւր կազմակերպում աւելի ճոխ ու արդիական է:

Պ. Հ.- Մեր նշանաբանն է «Միասնութիւն` սփորթի միջոցով»: Այս հիմքին վրայ հիմնուած է մեր կազմակերպութիւնը, եւ ինչպէս նախապէս ալ նշեցի, առաջին համահայկական կառոյցն է,  որ սովորական մարդոց նախաձեռնութեամբ ծնաւ: Ներկայացուցիչներ կային` Հայաստանէն, ԼՂՀ-էն, Իրանէն, Արժանթինէն, Թուրքիայէն, Աւստրալիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Եգիպտոսէն, Կիպրոսէն: Համահայկական խաղերու կազմակերպութիւնը կը համագործակցի Միջազգային Ողիմպիական կոմիտէի, «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի, Եւրոպայի Խորհուրդի եւ «ֆեր փլէյ»ի համաշխարհային եւրոպական շարժման հետ:

Պաշտօնապէս գրանցուած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ: Ունի իրաւաբանական անձի կարգավիճակ, կանոնագրութիւն:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը գործէ Համահայկական խաղերու կառոյցը:

Պ. Հ.- Կազմկոմիտէ կը կազմուի, որ մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան նախարարութեան պատասխանատու տեղական մարմինն է: Պարտականութիւններու ծիրէն ներս կ՛իյնայ նաեւ իրաւարարներու ապահովումը, բժշկական դիւրութիւններու, մարզիկներու փոխադրութեան ու ապահովութեան հարցերը: Այս բոլորը պէտք է միասնաբար համադրուին կազմկոմիտէին եւ համաշխարհային մարմինին ջանքերով:

Ղեկավարող մարմինը Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն է, որ կը բաղկանայ 21 եւ 3` ընդհանուր 24 հոգիէ: Նախագահն է Հայաստանի մարմնամարզի նախկին նախարար Արմէն Գրիգորեանը. ՀՄԸՄը, ՀԲԸՄ ունին մէկական փոխ ատենապետ եւ` ՀՄՄը: Ստեփան Տէր Պետրոսեանը ՀՄԸՄի փոխ ատենապետն է, իսկ Հրանդ Պարտաքճեանը` ՀԲԸՄի: Դիւանը կ՛ամբողջանայ քարտուղարութեամբ եւ խորհրդականներով:

Նախապէս, 2003-ին նախագահի պաշտօնը վարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանը: Երկու տարի առաջ, երբ ազատ կացուցուեցաւ իր պաշտօնէն, հրաժարեցաւ նաեւ նախագահի պաշտօնէն: Զինք փոխարինած է Արմէն Գրիգորեանը, մինչեւ այսօր կը մնայ իր պաշտօնին վրայ:

Իւրաքանչիւր կազմակերպումի առիթով մարզիկներու եւ մարզաձեւերու բարձրացող թիւը նոր իրականութեան մը առջեւ կը դնէ բոլորս: Օրինակի համար, 4-րդ խաղերուն ընթացքին, միայն պասքեթպոլի մարզաձեւին մէջ 16 քաղաք-խումբեր մասնակցեցան: Մարզական յայտագրի կողքին, ամպայման կ՛ուզենք օրեր տրամադրել հայրենիքին եւ պատմական վայրերու ծանօթանալու յոյժ կարեւոր բաժինին: Չմոռնանք, որ երիտասարդ մարզիկներէն շատեր առաջին անգամ ըլլալով հայրենիք կ՛այցելեն, շատեր ալ կան, որոնք նոյնիսկ հայերէն չեն խօսիր. այսպէս, շատ կարեւոր է ժամանակ տրամադրել այս բաժինին եւս: Առաջին վայրը, որ կ՛այցելեն, Ծիծեռնակաբերդն է, ուր յարգանքի տուրք կը մատուցեն Եղեռնի զոհերու յիշատակին:

Ես խորապէս համոզուած եմ, որ այս ծրագիրը պէտք է պահպանել, նկատի առնելով, որ սփիւռքի հայ զանգուածները իրենց արմատներուն վերադարձնելու լաւագոյն առիթներէն մէկն է այս: Քանի՜-քանի՜ անգամ ականատես եղած ենք պարագաներու, որոնք հայերէն նոյնիսկ խօսիլ չէին կրնար, սակայն այնքան զգաստացան, որ նոյնիսկ ամուսնութեան դէպք մը ունեցանք:

Այս խանդավառութիւնը մեր միակ շահն է: Նիւթական աղբիւրներ չունինք, մեր նիւթական եկամուտները կը սահմանափակուին քաղաքներուն կողմէ վճարուած փոքրիկ գումարով մը, տարեկան 200 տոլար:

Մարզիկները կը հիւրասիրուին պանդոկներու մէջ, տուներու մէջ:

Հ.- Փաստօրէն քաղաքապետարաններու եւ կազմկոմիտէի գործակցութեա՞ն արդիւնք է մարզիկներու կեցութեան հարցը:

Պ. Հ.- Տեսէք, մենք դիմեցինք Ողիմպիական կոմիտէի նախագահին եւ հանդիպում ունեցանք հետը: Գ. Ծառուկեանին պարզեցինք մեր հարցերը եւ խնդրեցինք, որ «Ողիմպիական գիւղ»ի հասկացողութեամբ կառուցային համալիր մը շինուի: Առաջարկը քննելի է այսօր. անշուշտ դրական նախադրեալներ կան:

Այսօրուան տնտեսական անկման իրավիճակը տեսնելով` պէտք է ըսել, թէ բոլոր քաղաքները դժուարութիւն ունին իրենց մարզիկները Հայաստան բերելու: Պատկերացուցէք Արժանթինը օրինակի համար. իւրաքանչիւր մարզիկի ծախսը մօտաւորապէս 4.000 տոլարի շուրջ կը կայանայ: Մոնրէալը, Լոս Անճելըսը` նոյնը: Հեռաւոր երկիրներէն ժամանած մարզիկներուն համար մեծագոյն դժուարութիւնը կեցութեան ծախսերու հարցն է: Շատ մը շրջաններ հանգանակութիւններ կամ հասութաբեր ձեռնարկներ կը կազմակերպեն:

Կազմակերպիչ կոմիտէին մէջ միշտ փափաքը կայ նոր շրջաններու մասնակցութիւնը քաջալերելու իմաստով: Գիտակից ենք անշուշտ նիւթական դժուարութիւններուն, որոնք խոչընդոտ են շատ մը խումբերու մասնակցութեան: Այս տարի կը նախատեսենք 97 քաղաքներու մասնակցութիւնը` 30-է աւելի երկիրներէ:

 

Նախորդը

ԱՇԽԱՏԻԼ ԿԱՄ ՉԱՇԽԱՏԻԼ. ՏԱՐԲԵՐ ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ

Յաջորդը

ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐԸ ՇԱՆԹ ԵՒ ԹԱՄԱՐ ԻՍԿԷՆԵԱՆՆԵՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.