Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերու Իսլամացումը Մեծ Եղեռնի Օրերուն

February 3, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

20315_Hayasdan-tertՀայոց ցեղասպանութեան դէպքերու մանրամասնութեանց հարուստ աղբիւր եղած է Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեան, որ հրատարակուած է 1915-ի մարտէն մինչեւ սեպտեմբեր եւ հետագային` 1919-1925:

Ծածկանուններով թերթին աշխատակցած են` Լիպարիտ Նազարեանց, Շաւարշ Միսաքեան, Զապէլ Եսայեան, Վահագն Քրմոյեան եւ ուրիշներ:

«Հայկական հարց», «Երկիր», «Մեծ ճգնաժամը» խորագրով թերթի մնայուն սիւնակները կը ներկայացնեն Մեծ եղեռնի օրերուն պատահած պատմական նշանակութիւն ներկայացնող եղելութիւններ:

Մեծ եղեռնի 90-ամեակի օրերուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը թերթի հարազատ ծաւալով վերահրատարակեց «Հայաստան»-ի 1915-ի հաւաքածոն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 1915-ի թիւերէն քաղուած տեղեկութիւններու փունջ մը:

ՀՈՐԻԶՈՆ

* * *

ԻՍԼԱՄԱՑՈՒՄԸ

Թուրք կառավարութիւնը, ըստ երեւոյթին, որոշած է ամբողջ հայ ժողովուրդը տեղահան ընել: Բացառութիւն կը լինի միայն անոնց համար, որոնք մահմետականութիւն կ՛ընդունին: Այդ է պատճառը որ վերջին օրերը բազմաթիւ հայերը կը «թրքանան»: Այսպէս, Կիրասոնի չորս հարիւր տունէն երկու հարիւրը մահմետականացած է, իսկ միւսները քշուած են: Օրտուի երկու հարիւր քսան տունէն մահմետականացած է հարիւր վաթսունը: Սոսկալի լուրեր կու գան նաեւ Սամսոնէն, Տրապիզոնէն, Իւնէայէն եւ ուրիշ տեղերէ:

«Հայաստան»,
1 յուլիս 1915

 

Իսլամացումը
Կեսարիոյ շրջանի մէջ 500 հայ ընտանիքներ իսլամացած են:
«Հայաստան»,
19 սեպտեմբեր 1915

* * *

 

Մարզուանի 1500 տուն հայ բնակչութենէն այսօր ոչինչ է մնացեր, բացի` քանի մը ջոջ ընտանիքներէ, որոնք դրամի ուժով իսլամացած եւ կրցած են իրենց մորթը ազատել:

Իսլամացած են Կեկելեան, Երեմեան եւ Միքայէլեան ընտանիքները:

Անհետացած են Ճիզմեճեան,, Քիրեմիթճեան, Պօղոսեան եւ նախկին փրոֆեսէօր Կիւլլեան, որոնք կը կարծուի թէ սպաննած են բանտին մէջ: Սպաննուած են նոյնպէս ամերիկեան քաղաքացի փրոֆեսէօր Սրոզեան եւ քարոզիչ Գէորգ Տեմիրճեան:

Գիշեր մը կը ձերբակալուին բոլոր հայ մտաւորականները եւ առտուն ճամբայ կը հանուին դէպի Սեբաստիա: Բայց 3 ժամ հեռուն, բաց դաշտին մէջ կը նահատակուին ամէնքն ալ:

Երկրորդ անգամ կը հաւաքեն 15-18 եւ 45-60 տարեկանները: Ասոնք ալ ճամբայ կը հանեն «դէպի Սեբաստիա»…

 

«Հայաստան»,
Շաբաթ, 5 սեպտեմբեր 1915

Նախորդը

ՀՅԴ Հայ Դատի Գրասենեակների Հետ Աշխատում Ենք Յանուն Մէկ Նպատակի, Յանուն Մէկ Գաղափարի. ԼՂՀ Արտաքին Գործոց Նախարար

Յաջորդը

Բռնի Իսլամացումը Եղեռնի Օրերուն

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.