Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան. «Բախումներուն Վերաբերեալ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութենէն Արձագանգ Ստանալը Պարզ Հոլովոյթ Չէ»

Յունուար 27, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12615_NalbandianՀայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկուան ասուլիսին ընթացքին ըսած է, որ Հայաստան, ըլլալով Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ, Ազրպէյճանի հետ շարունակուող բախումներուն առնչութեամբ դիմած է այդ կազմակերպութեան:

«ՀԱՊԿ- ն, ԵԱՀԿ-ը, Եւրոպական խորհուրդը եւ ՄԱԿ-ի տարբեր կառոյցները տեղեակ պահած ենք: Եւ անյապաղ միշտ կը տեղեկացնենք, երբ սադրանքներ կ՛ըլլան»,  ըսած է նախարարը:

«Այս տարուան սկիզբէն այդ սադրանքներուն  վերաբերեալ մեր առաջին արձագանգը 3 յունուարին էր: Ատկէ ետք քանի մը անգամ արձագանգներ եղած են, եւ նոյնիսկ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը արձագանգած է», շարունակած է Նալբանդեան:  «Դուք նկատի պէտք է ունենաք, որ Կազմակերպութիւնը բազմանդամ կառոյց է, եւ համապատասխան յայտարարութիւնները պէտք է համապատասխան համաձայնեցուին, եւ  անոնք այդպիսի պարզ հոլովոյթներ չեն»:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին, ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ Կազմակերպութեան կողմէ բազմիցս կատարուած են այնպիսի յայտարարութիւններ, որ այլ կառոյցներու կողմէ «այդ մակարդակի յայտարարութիւն չէ եղած»: Ընդ որում, Նալբանդեանի կարծիքով, Կազմակերպութեան վերջին վեհաժողովին ընթացքին ժամանակ ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ յայտարարութիւնը կ՛արտացոլէ հայկական կողմի դիրքորոշումը. «Պէտք չէ պարզունակ մօտենալ, որ մենք դիմեցինք, արձագանգեցինք, ներկայացուցինք, եւ անմիջապէս իրենք յայտարարութիւն կ՛ընեն: Այդպիսի տասնեակ  սադրանքներ եղած են վերջին շրջանին: Եթէ իւրաքանչիւր տասնեակ սադրանքին յայտարարութիւն ըլլայ… յետո՞յ»:

Անդրադառնալով Գիւմրիի ողբերգութեան եւ այդ առնչութեամբ հայ-ռուսական տարբեր մակարդակի հաղորդակցութիւններուն` Նալբանդեան ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ամբողջական փոխըմբռնում կայ, որ պէտք է հետաքննութիւնը ըլլայ բաց, թափանցիկ եւ որ մեղաւորները պէտք է օրէնքի ամէնէն խիստ ուժով պատասխանատուութեան ենթարկուին:

«Այն ողբերգութիւնը, որ եղաւ Գիւմրիի մէջ, որուն վրդովմունքը եւ զայրոյթը հանրային կարծիքին  կողմէ մարդկային է եւ հասկնալի էր: Բայց ատիկա կապել եւ ըսել, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները պէտք է վերատեսութեան ենթարկել, չեմ կարծեր տեղին է: Մենք ունինք դաշնակցային ռազմավարական յարաբերութիւն Ռուսիոյ հետ, մեր միացեալ ջանքերով մտադիր ենք այդ յարաբերութիւնները առաւել խորացնել, ամրապնդել եւ զարգացնել: Իսկ Եւրոպական Միութեան հետ մենք կը քննարկենք այն իրաւական նոր հիմքը, որ չի հակասեր մեր պարտաւորութիւններուն այլ համարկման  ձեւաչափերուն մէջ», ըսած է Էդուարդ Նալբանդեան:

 

 

Նախորդը

Զոհուած Զինուորները Յետմահու Պարգեւատրուեցան

Յաջորդը

Արծրուն Յովհաննիսեան. Հայկական Կողմը Կանխարգելիչ Գործողութիւններ Իրականացուցած Է»

RelatedPosts

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Պաքուի Դատարանին Մէջ «Հայաստանի Կողմէ Վարձկաններ Ներգրաւելու Փաստաթուղթեր» Հրապարակուած Են
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Դատարանին Մէջ «Հայաստանի Կողմէ Վարձկաններ Ներգրաւելու Փաստաթուղթեր» Հրապարակուած Են

Հոկտեմբեր 10, 2025
Օքամփօ. «ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբը  Պէտք Է Անվաւեր Ճանչնայ Ռուբէն Վարդանեանի Վերաբերեալ Իր Կարծիքը` Նախագահողի Ազրպէյճանի Հետ Ունեցած Կապերուն Պատճառով»
Գլխաւոր լուրեր

Օքամփօ. «ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբը Պէտք Է Անվաւեր Ճանչնայ Ռուբէն Վարդանեանի Վերաբերեալ Իր Կարծիքը` Նախագահողի Ազրպէյճանի Հետ Ունեցած Կապերուն Պատճառով»

Հոկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?