Ազրպէյճանցի հակառակորդը, շարունակելով սահմանային իրավիճակը ապակայունացնող գործողութիւնները, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ սահմանի տարբեր հատուածներուն վրայ կը շարունակէ ներթափանցումներու եւ յարձակումներու մարտավարութիւնը: Այս մասին գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան` դիմատետրի իր էջին մէջ:
«Ազրպէյճանական զինեալ ուժերը, առանց նկատի ունենալու իրենց մեծաթիւ կորուստները, զորս կոպտօրէն կը թաքցնեն, կը շարունակեն մարտավարական առումով անիմաստ ներթափանցումներու փորձեր իրականացնել: Գիշերուան ընթացքին կատարուած խախտումներուն ընդհանուր թիւը կ՛անցնի 300-ը», գրած է Յովհաննիսեան` շարունակելով. «Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 9:00-ի սահմաններուն ազրպէյճանական բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները յարձակած են նաեւ Տաւուշի մարզի Բերդի շրջանի մարտական դիրքերէն քանի մը հատին ուղղութեամբ: Հայկական բանակի համապատասխան ստորաբաժանումներուն կողմէ ժամանակին յայտնաբերուելով մարտ սկսած է, որ տեւած է շուրջ կէս ժամ: Հակառակորդը կորուստներ կրելով եւ մարտական ծրագիրը չկատարելով ետ շպրտուած է, սակայն ցաւօք հայկական կողմը ունի երկու զոհ եւ վիրաւորներ: Զոհուած են սպայ Կարէն Գալստեան եւ շարքային զինուոր Արտակ Սարգսեան»:
«Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը բաժնէ մեր շարքերէն հեռացած զինուորներուն, կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ անոնց ընտանիքներուն եւ հարազատներուն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Արծրուն Յովհաննիսեան շեշտած է, որ լարուածութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը եւ հետեւանքները կը մնան Ազրպէյճանի զինուորական-քաղաքական ղեկավարութեան խիղճին:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը նաեւ գրած է. «Ազրպէյճանական կողմը կը շարունակէ իր լկտի քաղաքականութիւնը սեփական զինուորներուն եւ անոնց հարազատներուն նկատմամբ: Երէկ միայն ցերեկային ժամերուն անոնք կորսնցուցած են երեք զինուորներ Քարվաճառի հատուածին մէջ, իսկ Արցախի հարաւային շրջանին մէջ արձակազէն խումբի հրամանատար մը, որ ինկած է հայուհիի դիպուկ գնդակէն: Ազրպէյճանի քաղաքացիները թող գիտնան, որ իրենց զաւակները ոչ միայն կը սպաննուին, այլ նաեւ կ՛անարգուին սեփական ղեկավարութեան կողմէ»:
Արցախ. «Թափանցման Փորձերը Կասեցուած Են»
Նախանցեալ գիշեր Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծի արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութիւններով հակառակորդը ձեռնարկած է ներթափանցման փորձերու, տեղեկացուցած է Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Ըստ հաղորդագրութեան, պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին նշմարած են ազրպէյճանական յատուկ նշանակութեան ջոկատայիններու յառաջխաղացքը եւ ետ շպրտած զանոնք: Հակառակորդը դիմագրաւելու ընթացքին պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած: Նախնական տուեալներով, ազրպէյճանցի երեք զինուոր սպաննուած է:
Միաժամանակ հակառակորդը զինադադարը շուրջ 320 անգամ խախտած է, տարբեր տրամաչափի զէնքերէ, ականանետերէ եւ տարբեր տիպի ձեռնառումբերէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 4 հազար կրակոց:
Արցախի պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը մարտավարական իրադրութիւնը կը շարունակեն պահել վերահսկողութեան տակ` անհրաժեշտ պարագային դիմելով պատասխան գործողութիւններու, կը վստահեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: