Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրներով, հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան եւ անձնազոհութեան համար զինուորներ Նահապետ Ասատրեան եւ Արման Ուտումեան յետմահու պարգեւատրուած են Մարտական ծառայութեան մետալով: Այդ մասին երէկ հաղորդած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ծառայութիւնը:
Նահապետ Ասատրեան զոհուած է նախանցեալ գիշեր Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծի Քարվաճառի ուղղութեամբ հակառակորդի ներթափանցման գործողութիւնները կասեցնելու ընթացքին: Արման Ուտումեան զոհուած էր երեքշաբթի` Տաւուշի մէջ, հակառակորդին կողմէ զինադադարի խախտման պատճառով: