«Սի.Էն.Էն.Թուրք» պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած վաւերագրական ժապաւէնին մէջ կ՛ըսուի, որ Իզմիրի Մենեմեն շրջանին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին ախոռի վերածուած է: Մինչեւ 1922 գործած եկեղեցին այժմ բախտի քմահաճոյքին յանձնուած է:
Այժմ յարակից տարածքներու բնակիչները կը պահանջեն կարգի բերել եկեղեցին, որովհետեւ եկեղեցին նաեւ իրենց անվտանգութեան կը սպառնայ: Յաճախ իբրեւ ախոռ օգտագործուող եկեղեցին, որուն մէջ ամբողջութեամբ թալանուած ու աղբով լեցուած է, յարմար վայր դարձած է թմրամոլներու եւ հարբեցողներու համար:
«Որ ժամուն պիտի գան, որ ժամուն պիտի երթան` յայտնի չէ», կը պատմէ վաւերագրական ժապաւէնի հերոսներէն մէկը:
Այլ բնակչուհի մըն ալ կը յիշեցնէ, որ Մենեմենի իշխանութիւնները խոստացած էին վերակառուցել լքուած եկեղեցին, սակայն խոստումը իրականութիւն չէ դարձած:
Հայերուն հեռանալէն ետք եկեղեցին որոշ ժամանակ զինապահեստանոց եղած է, սակայն յետոյ իշխանութիւնները տարածքը անուշադրութեան մատնած են, որպէսզի շէնքը «ինքն իրմէ» փլուզուի: